ՏԻԱՐՊԱՔԸՐԻ ՄԷՋ 7 ՆԱՀԱՏԱԿ

Տիար­պա­քը­րի մէջ ե­րէկ տե­ղի ու­նե­ցաւ ա­հա­բեկ­չա­կան յար­ձա­կում մը։ Ճա­նա­պար­հա­յին ոս­տի­կա­նու­թեան հա­կակշռ­ման շրջա­նա­յին կեդ­րո­նը դար­ձաւ ան­ջա­տո­ղա­կան ա­հա­բեկ­չա­կան ՓՔՔ կազ­մա­կեր­պու­թեան թի­րա­խը։ «Ա­նա­տո­լու» գոր­ծա­կա­լու­թեան հա­ղոր­դում­նե­րով, ՓՔՔ­-ա­կան­նե­րը ռում­բով բեռ­նա­ւո­րուած ինք­նա­շար­ժով մը ի­րա­կա­նա­ցու­ցին այս յար­ձա­կու­մը, որ պա­տա­հե­ցաւ կէ­սօ­րուան ժա­մե­րուն։

Այս դէպ­քին հե­տե­ւան­քով եօթ հո­գի նա­հա­տա­կուե­ցաւ, տասն­վեց հո­գի ալ վի­րա­ւո­րուե­ցաւ։ Նա­հա­տակ­նե­րուն հին­գը ոս­տի­կան է։ Միւս եր­կու զո­հե­րէն մին ալ ան­չա­փա­հաս մըն է։

Դէպ­քի պա­տա­հած վայ­րի մօ­տա­կայ­քին աշ­խա­տանք­ներ կը կա­տա­րուէին՝ մեծ խաչ­մե­րու­կի մը կա­ռուց­ման ուղ­ղու­թեամբ։

Ա­հա­բե­կիչ­նե­րու ձեր­բա­կալ­ման հա­մար անվ­տան­գու­թեան ու­ժե­րը գոր­ծո­ղու­թիւն­նե­րու ձեռ­նար­կե­ցին շրջա­նէն ներս։ 

Երեքշաբթի, Օգոստոս 16, 2016