ԱՆԿԱՆԽԱՏԵՍԵԼԻ ԸՆԹԱՑՔ

Գերմանիոյ Արտաքին գործոց նախարար Զիկմար Կապրիէլի համոզմամբ, աշխարհ ցնցուած է, թէ որքան անկանխատեսելի դարձած է Ուաշինկթընի քաղաքականութիւնը։ Հիւսիսային Քորէայի հիւլէական զէնքերու փորձարկումով պայմանաւորուած հիմնախնդրին անդրադառնալով՝ գերման նախարարը քննադատեց այս նիւթին շուրջ ստեղծուած իրավիճակին մէջ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի «անըմբռնելի մարտաշունչ հռետորաբանութիւնը»։ Կապրիէլ մտահոգութիւն յայտնեց, որ այդպիսի հակամարտութիւնները կը սկսին յայտարարութիւններով, իսկ կը վերջանան ռազմական գործողութեամբ։

Երէկ, «Kolner Stadt-Anzeiger» թերթին մէջ լոյս տեսած հարցազրոյցի ծիրէն ներս ան ըսաւ. «Ամբողջ աշխարհ ցնցուած է, թէ որքան անկանխատեսելի դարձած է ԱՄՆ-ի քաղաքականութիւնը։ Դժուար է հասկնալ, թէ այնտեղ ո՞վ է գլխաւորը։ Երբ պետական քարտուղար Ռեքս Թիլըրսըն եւ Փենթակոնի ղեկավար Ճէյմս Մեթիս սխալ կը համարեն ԱՄՆ-ի հաւանական ռազմական միջամտութիւնը, Թրամփի շրջապատին կան մարդիկ, որոնք կը փափաքին օրէնքի ուժը փոխել աւելի ուժեղի իրաւունքով։ Սա հակադրութիւնն է այն բանին, որ մինչեւ այսօր միացուցած է Արեւմուտքը. համամարդկային արժէքները, որոնք են ազատութիւնը, ժողովրդավարութիւնը եւ իրաւունքը։ Ամերիկացիներուն այս բոլորէն հեռանալը կը տկարացնէ Արեւմուտքը»:

Կապրիէլի խօսքերով, Հիւսիսային Քորէայի հարցին շուրջ եկած է դիւանագիտութեան, այլ ո՛չ թէ մարտական կոչի ժամանակը։ «Ճիշդը եթէ ըսենք, այս իրադրութիւնը վտանգաւոր է, որովհետեւ ակամայ լարուածութիւնը կրնայ անսպասելիօրէն պատերազմի վերածուիլ», նշեց Կապրիէլ։

Նոյն հարցազրոյցին մէջ Զիկմար Կապրիէլ առաջարկեց յետաձգել բանավէճը Խրիմի կարգավիճակին շուրջ։ Ըստ իրեն, կարգավիճակի հարցին շուրջ բանավէճը ժամանակաւորապէս պէտք է դադրեցնել եւ ուշադրութիւն պէտք է կեդրոնացնել Տոնպասի մէջ հրադադարի հաստատման վրայ։ «Մենք կարիք չունինք Խրիմի շուրջ բանավէճերու։ Մենք պէտք է մտածենք, թէ ինչպէս կրնանք հրադադար ապահովել Ուքրայնոյ արեւելքին։ Սա է Ռուսաստանի հետ յարաբերութիւններու մէջ լարուածութիւնը աստիճանաբար յաղթահարելու պայմանը», ըսաւ գերման նախարարը։

Յամենայնդէպս, Հիւսիսային Քորէայի հարցը ներկայիս տարակարծութեան միակ նիւթը չէ Ուաշինկթընի եւ Պերլինի միջեւ։ Գերմանիա համամիտ չէ նաեւ ԱՄՆ-ի կողմէ Ռուսաստանի դէմ որդեգրուած պատժամիջոցներուն։ Պատճառաբանութիւնը այն է, որ Եւրոպան եւս պիտի տուժէ այդ պատժամիջոցներէն։ Հետեւաբար, այս համայնապատկերին վրայ կը բիւրեղանայ Կապրիէլի յայտարարութեան նշանակութիւնը՝ Խրիմի կարգավիճակի խնդրին վերաբերեալ։

Միւս կողմէ, Տանըլտ Թրամփ հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Ճաբոնի Վարչապետ Սինծօ Ապէի հետ։ Երկու ղեկավարները քննարկեցին Հիւսիսային Քորէայի շուրջ ծաւալուած իրադրութիւնը։ Ճաբոնի վարչապետը այս կապակցութեամբ ըսաւ. «Մենք Հիւսիսային Քորէայի մէջ ծաւալուած իրադրութեան շուրջ անկեղծօրէն կարծիքներ փոխանակեցինք։ Կուամի վրայ հրթիռներ արձակելու ազդարարութեան հետեւանքով լարուածութիւնը հասած է շատ բարձր մակարդակի։ Այս իրավիճակին մէջ ես բարձր կը գնահատեմ նախագահ Թրամփի՝ որպէս դաշնակից իր պարտաւորութիւններուն նկատմամբ հակումը։ Մեր կարծիքները համընկնած են՝ Հիւսիսային Քորէայի մէջ հրթիռներու արձակումը կանխելու առաջնահերթ անհրաժեշտութեան շուրջ։ Այս նպատակով պիտի ամրապնդենք Ճաբոնի եւ ԱՄՆ-ի սերտ համագործակցութիւնը, եռակողմանի ձեւաչափով՝ Ճաբոնի, ԱՄՆ-ի եւ Հարաւային Քորէայի համագործակցութիւնը, ինչպէս նաեւ համաշխարհային հանրութեան հետ համագործակցութիւնը՝ նախ եւ առաջ Ռուսաստանի եւ Չինաստանի հետ»։

Տանըլտ Թրամփ զրոյցի տեւողութեան նշեց, որ պատրաստ է պատասխանել Հիւսիսային Քորէայի իւրաքանչիւր սպառնալիքին։ Սպիտակ տան աղբիւրներու հաղորդումներով, այդ պատրաստակամութիւնը կը վերաբերի թէ՛ ուղղակի ԱՄՆ-ի եւ թէ անոր դաշնակիցներուն դէմ սպառնալիքներու պարագային։ Ամերիկեան կողմը որպէս պաշտպան հանդէս պիտի գայ Հիւսիսային Քորէայի բոլոր գործողութիւններուն դէմ։

ԱՄՆ-ի Պաշտպանութեան նախարար Մաթիսն ալ ընդգծեց, որ եթէ Փհենեան հրթիռ արձակէ իր երկրին վրայ, ապա պատերազմ կրնայ ծագիլ։ Ըստ իրեն, ԱՄՆ վայրկեաններու ընթացքին կրնայ պարզել հրթիռի թռիչքի ուղղութիւնը եւ զայն ետ կը մղէ՝ եթէ ուղղուած ըլլայ Կուամի ամերիկեան ռազմախարիսխին։

Ռեքս Թիլըրսընն ալ դիտել տուաւ, որ իրենք տակաւին կողմնակից կը մնան Հիւսիսային Քորէայի հետ երկխօսութեան, սակայն սա կախում ունի այդ երկրի ղեկավարութենէն։

Իր կարգին, Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարար Սէրկէյ Լաւրովն ալ նոյն տագնապին շուրջ հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Չինաստանի Արտաքին գործոց նախարար Վան Եիի հետ։ Այս առթիւ չինացի նախարարը յայտնեց, որ ԱՄՆ եւ Հիւսիսային Քորէա պէտք է ետ պահուին փոխադարձ սադրիչ գործողութիւններէ։ Սա անհրաժեշտ է քորէական թերակղզիի իրադրութիւնը կայունացնելու համար։ Իր խօսքերով, պէտք է նուազեցնել լարուածութեան մակարդակը եւ կանխել «օգոստոսեան տագնապը»։ Քորէական թերակղզիի միջուկային հիմնախնդրի լուծումը կը համապատասխանէ բոլոր կողմերու շահերուն, ներառեալ Ռուսաստանն ու Չինաստանը։ Մոսկուա եւ Փեքին սերտօրէն կը համագործակցին այս հարցին շուրջ, ինչ որ անոնց ռազմավարական համագործակցութեան բարձր մակարդակի մարմնացումն է։

Եւրոմիութեան դիւանագիտական ու անվտանգութեան հարցերով գերագոյն յանձնակատար Ֆետերիքա Մոկերինին ալ նշեց, որ Հիւսիսային Քորէայի հետ յարաբերութիւններու մէջ յառաջացած տագնապը կարգաւորելու համար պէտք է օգտագործուին խաղաղ միջոցներ։ Ան կոչ ուղղեց սադրիչ գործողութիւններէ ձեռնպահ մնալու ուղղութեամբ։ Յանձնակատարը յիշեցուց, որ առկայ ճգնաժամը կը սպառնայ Ասիոյ եւ ամբողջ աշխարհի անվտանգութեան։ Մոկերինի ըսաւ.

«Այս տագնապալի պահուն ԵՄ կը պաշտպանէ մեր գործընկերներուն հետ համատեղ դիւանագիտական աշխատանքը, որ նպատակաուղղուած է լարուած իրադրութեան լիցքաթափման եւ քորէական թերակղզիի լիակատար, ստուգելի եւ անդառնալի միջուկազերծման՝ խաղաղ ու ոչ ռազմական միջոցներով»։

Չորեքշաբթի, Օգոստոս 16, 2017