ԲԱԽՏՈՐՈՇ ԶՕՐԱՎԻԳ

Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողան երէկ հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Գերմանիոյ վարչապետ Անկելա Մերքէլի հետ։ Անգարայի պաշտօնական աղբիւրները հաղորդեցին, որ Էրտողան եւ Մերքէլ անդրադարձած են երկկողմանի յարաբերութիւններու ընթացքին, Սուրիոյ տագնապին, նաեւ կարծիքի փոխանակումներ ունեցած տարածքաշրջանային խնդիրներու շուրջ։ Այժմէական իրադարձութիւններու լոյսին տակ անդրադարձ կատարուած է նաեւ յառաջիկայ սեպտեմբերի վերջաւորութեան Պերլինի մէջ նախատեսուած Էրտողան-Մերքէլ տեսակցութեան։ Ինչպէս ծանօթ է, Գերմանիոյ նախագահ Ֆրանք Վալթէր Շթայնմայէրի հրաւէրին ընդառաջ Էրտողան յառաջիկայ սեպտեմբերին պաշտօնական այցելութիւն մը պիտի տայ Պերլին։ Էրտողան այսօր ալ հեռախօսազրոյց մը կ՚ունենայ Ֆրանսայի Հանրապետութեան նախագահ Էմմանուէլ Մաքրոնի հետ։

Ինչպէս ծանօթ է, ներկայիս Թուրքիոյ եւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու միջեւ ստեղծուած է լարուածութիւն մը, որու բերումով թրքական կողմը տնտեսական լուրջ դժուարութիւններ կը դիմագրաւէ։ Դիւանագիտական գետնի վրայ ջանքեր կը գործադրուին Անգարա-Ուաշինկթըն յարաբերութիւնները բնականոն հունին վերադարձնելու համար։ Այս իրավիճակին մէջ Անկելա Մերքէլ նախընթաց օր զօրակցութիւն յայտնած էր թրքական կողմին։ Էրտողանի հետ երէկ տեղի ունեցած հեռախօսազրոյցի ընթացքին ալ Մերքէլ շեշտեց, որ Թուրքիոյ տնտեսութեան ամրութիւնը Գերմանիոյ տեսակէտէ կարեւորութիւն կը ներկայացնէ։ Էրտողան եւ Մերքէլ հեռախօսազրոյցի ընթացքին համամիտ գտնուեցան՝ որպէսզի Գանձի ու ելմտական նախարար Պերաթ Ալպայրաք յառաջիկայ օրերուն մէկտեղուի Գերմանիոյ ելմտական եւ տնտեսութեան նախարարներուն հետ։ Հեռախօսազրոյցի ընթացքին երկու ղեկավարները վերահաստատեցին նաեւ իրենց վճռակամութիւնը՝ որպէսզի Թուրքիա-Գերմանիա համագործակցութիւնը ամրապնդուի բարձր մակարդակի փոխադարձ այցելութիւններով եւ շփումներով։

Հարկ է նշել, որ Ուաշինկթընի եւ Անգարայի միջեւ ծայր տուած լարուածութեան մթնոլորտին մէջ Եւրոմիութեան այլ մայրաքաղաքներէն ալ զօրակցութեան ձայներ բարձրացած էին ի նպաստ Թուրքիոյ։ Իր կարգին, Եւրոյանձնաժողովի նախագահ Ժան-Քլոտ Եունքէրն ալ երէկ յայտնեց, որ Թուրքիա որեւէ պատճառ չունի Եւրոպայի հարեւաններէն վախնալու համար։ «Մենք կ՚ուզենք տեսնել ժողովրդավարական, կայուն ու բարեկեցիկ Թուրքիա մը», ըսաւ  Եունքէր։

Բաց աստի, նախագահ Էրտողան երէկ Անգարայի մէջ հիւրընկալեց Քաթարի Էմիր Շէյխ Թեմիմ պին Համէտ ալ Սանին։ Պեշթեփէի համալիրէն ներս Էրտողան ճաշասեղանով մը պատուեց բարձրաստիճան հիւրը։ Այս հանդիպումը տեւեց երեքուկէս ժամ՝ երկու երկիրներու ելմտական նախարարներու մասնակցութեամբ։ Երկարատեւ տեսակցութեան ընթացքին յայտարարուեցաւ, որ Քաթար յառաջիկայ շրջանին 15 միլիառ ամերիկեան տոլար արժողութեամբ ներդրումներ պիտի կատարէ Թուրքիոյ մէջ։ Այս գումարին կարեւոր մէկ մասը ուղղակիօրէն պիտի ներմուծուի ելմտական դրութեան մէջ։

Միւս կողմէ, Արտաքին գործոց նախարար Մեւլիւտ Չավուշօղլու երէկ դարձեալ անդրադարձաւ Անգարա-Ուաշինկթըն ճգնաժամին։ Իր խօսքով՝ վերջին դէպքերը աշխարհի աչքը բացած են։ Թէեւ բոլորը կը տեսնէին ամերիկեան ղեկավարներու կողմէ այլ երկիրներու դէմ որդեգրուած անարգական վերաբերմունքը, սակայն հիմա այդ բոլորը վերահաստատուեցան։ «Հիմա բոլորը տոլարէն փրկուելու ճանապարհը կը փնտռեն», ըսաւ նախարարը եւ աւելցուց, որ կը տիրէ հասկացութիւն մը ԱՄՆ-ի մէջ, ուր մարդիկ չեն գիտեր, թէ ի՛նչ կ՚ընեն։  

Հինգշաբթի, Օգոստոս 16, 2018