ԳԱՆԱՏԱՅԻ ՄԷՋ ԱՐՏԱԴՐՈՒԹԻՒՆ

Գանատայի վարչապետ Ճասթին Թրիւտօ ամերիկեան Moderna ընկերութեան համահիմնադիր եւ ընդհանուր տնօրէն Նուպար Աֆէեանի հետ քննարկեց՝ քորոնաժահրի դէմ գտնուած համանուն պատուաստանիւթի արտադրութիւնը կազմակերպելու վերաբերեալ հարցեր։ Գանատացի վարչապետը ամերիկահայ գործարար, գիտնական ու յայտնի բարերարին հետ ծաւալած քննարկման շուրջ գրառումով մը հանդէս եկաւ ընկերային ցանցերու վրայ։ Գանատայի ղեկավարութիւնը ներկայիս կը ձգտի, որ Moderna պատուաստանիւթի արտադրութիւնը կազմակերպէ երկրէն ներս։

Ըստ Ճասթին Թրիւտոյի, ինք Նուպար Աֆէեանի հետ անդրադարձած է ներկայիս իրականացուած աշխատանքին, որպէսզի համոզուած ըլլան, թէ մարդիկ կը կարողանան պատուաստուիլ։ «Այսպէսով մենք կը կարողանանք աւարտին հասցնել համաճարակի դէմ պայքարը։ Այդ մէկը կը շարունակէ մնալ մեր գլխաւոր առաջնահերթութիւնը», նշած է գանատացի վարչապետը։ 

Երկուշաբթի, Օգոստոս 16, 2021