ԵՐԱՍԽԻ ՄԷՋ ԱՅՍ ԱՌԱՒՕՏ ՀԱՅ ԵՆԹԱՍՊԱՅ ՄԸ ՆԱՀԱՏԱԿՈՒԵՑԱՒ

Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանին վրայ լարուած իրադրութիւնը կը շարունակուի։ Շաբաթավերջին բախումները շարունակուեցան սահմանի զանազան հատուածներուն վրայ։ Հայաստանի Պաշտպանութեան նախարարութեան աղբիւրները հաղորդեցին, որ այս առաւօտ Ատրպէյճանի ստորաբաժանումները նոր սադրանքներ կատարած են՝ սահմանի Երասխի հատուածէն ներս։ Ժամը 09.50-ի սահմաններուն, Ատրպէյճանի դիպուկահարներուն արձակած կրակին թիրախ դարձած է Հայաստանի զինեալ ուժերէն աւագ ենթասպայ Վահան Թաթոսեան (1975), որ դժբախտաբար նահատակուած է։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, հայկական զինեալ ուժերուն կողմէ ձեռնարկուած պատասխան գործողութիւններով Ատրպէյճանի զօրքերն ալ կրած են կորուստներ։

Երասխի այս դէպքի հաղորդումներէն առաջ, Հայաստանի Պաշտպանութեան նախարարութեան աղբիւրները տեղեկացուցած էին, որ երէկ գիշեր հայ դիրքապահները կանխած են Սիւնիքի մարզէն ներս, Սեւ լիճի հատուածին մէջ Ատրպէյճանի զօրքերու յառաջխաղացման փորձը։ Ատրպէյճանի բանակը ունեցած է կորուստ մը, Հայաստանի բանակի հակազդող գործողութիւններուն պատճառով։ Փոխադարձ հրաձգութենէ վերջ Ատրպէյճանի ստորաբաժանումները ետ քաշուած են իրենց ելման դիրքերը։ Սեւ լիճի հատուածի բախումներուն ժամանակ հայկական կողմը կորուստ չէ ունեցած։

Ամենավերջին այս բախումներուն առընթեր, շաբաթավերջին սահմանի Գեղարքունիքի մարզի հատուածէն ներս ալ Ատրպէյճանի զօրքերը զանազան տրամաչափի զինատեսակներով կրակ բացած են հայկական դիրքերուն վրայ։ Բաց աստի, նոյնպէս շաբաթավերջին, դարձեալ Սիւնիքի մարզէն ներս, Ատրպէյճանի ստորաբաժանումները կրակոցներ արձակած են Արաւուս գիւղի վրայ։

«Ազատութիւն» ռատիօկայանի հաղորդումներով, Պաքուի պաշտօնական աղբիւրները շաբաթավերջին օրակարգի վրայ բերին հերթական պնդումները, որոնք վերջին շրջանին յաճախ կը մնան օդին մէջ։ Այսպէս, Ատրպէյճանի Պաշտպանութեան նախարարութիւնը պնդեց, թէ հայկական զօրքերը սադրանքի դիմած են Շուշիի մերձակայքին։

Միւս կողմէ, Ատրպէյճանի բանակի հրետանային ստորաբաժանումները այս օրերուն կ՚իրականացնեն զօրավարժութիւններ։  

Երկուշաբթի, Օգոստոս 16, 2021