ԹԱԼԻՊԱՆ ՔԱՊՈՒԼ ՄՈՒՏՔ ԳՈՐԾԵՑ

Աֆղանիստանի իրադարձութիւնները կը շարունակեն առաջնահերթօրէն զբաղեցնել միջազգային օրակարգը։ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու զօրքերու երկրէն դուրս գալէն վերջ ստեղծուած է նոր իրավիճակ մը, որով պայմանաւորուած գաղթականաց նոր հոսքի մը հեռանկարն ալ կը մտահոգէ միջազգային հանրութիւնը։ Թալիպանի շարժումը ամերիկեան զօրքերու մեկնումէն տասն օր վերջ արդէն ամբողջութեամբ ձեռք անցուցած է երկրի հակակշիռը։ Ցարդ բացի մայրաքաղաք Քապուլէն, Աֆղանիստանի բոլոր քաղաքները արդէն Թալիպանի հակակշռին տակ կը գտնուէին։ Երէկ, Աֆղանիստանի բանակը նահանջեց նաեւ Քապուլի պարագային եւ Թալիպանի զօրքերը յաջողեցան մուտք գործել մայրաքաղաք։ Նախագահ Էշրէֆ Կանի լքեց երկիրը, մինչ ոստիկանական ու բանակի զօրքերը արդէն խոյս տուին՝ առանց որեւէ դիմադրութեան։ Թալիպանի զօրքերը յաջողեցան առանց բախումներու մայրաքաղաքի հակակշիռը ձեռք անցընելու, մինչ ղեկավարութիւնը արդէն նախագահական պալատ հաստատուեցաւ։ Իրադարձութիւններու այսպէս արագ ընթանալը նոյնիսկ Թալիպանի բանբերներուն կողմէ որակուեցաւ անսպասելի։ Մինչ ժողովուրդը խուժեց դրամատուներ եւ խանութներ։ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգները արդէն դատարկած է Քապուլի դեսպանատունը։

Անգարայի ղեկավարութիւնն ալ մօտէն կը հետեւի այս բոլոր իրադարձութիւններուն։ Թուրքիա որոշած է, որ Քապուլի իր դեսպանութեան գործունէութիւնը շարունակուի։ Գաղթականաց նոր ալիքի մը սպասումով պայմանաւորուած մթնոլորտին մէջ, Հանրապետութեան նախագահ Էրտողան վերջին օրերուն չէր բացառած Թալիպանի հետ շփումները։ Թրքական դեսպանատունը ներկայիս հաստատուած է Քապուլի օդակայանի համալիրէն ներս, որու անվտանգութեան երաշխաւորումը վստահուած է Թուրքիոյ։ Թէեւ միջազգային աղբիւրներ կը տեղեկացնեն, որ ժողովուրդը ներխուժած է նաեւ օդակայանի թռիչքուղին։

Գաղթականներու հոսքերով պայմանաւորուած մտահոգութիւններուն զուգահեռ Ազգային պաշտպանութեան նախարար Հուլուսի Աքար երէկ այցելեց Իրանի սահմանը։ Թուրքիա սահմանի վրայ ձեռնարկած է հսկայ պատի մը շինարարութեան եւ ամրապնդման, ինչ որ գաղթականաց նոր ալիքի մը դէմ կը համարուի ապահովագրութիւն։ Նախագահ Էրտողանն ալ երէկ նախարար Աքարի հետ հեռախօսազրոյց մը ունենալով արժեւորած է ընդհանուր իրադրութիւնը։

Երկուշաբթի, Օգոստոս 16, 2021