ՅՈՒԶՈՒՄՆԱԽԱՌՆ ՀՐԱԺԵՇՏ

Շաբաթավերջին Երեւանի մէջ տեղի ունեցաւ նորոգ հանգուցեալ լրագրող Ռաֆֆի Հերմոն Արաքսի յուղարկաւորութիւնը։ Իր անժամանակ կորուստը վերջին օրերուն մեծ ցաւ յառաջացուցած էր։ Պոլսահայութեան ծոցէն ծնունդ առած լրագրող մըն էր Ռաֆֆի Հերմոն Արաքս, որու գործունէութիւնը սահմանափակ չէր մնացած միայն թրքահայութիւնով, այլ ձեւով մը համահայկական տարողութիւն ստացած էր՝ Երեւանէն մինչեւ Փարիզ զանազան լրատուամիջոցներուն բերած աշխատակցութիւնով։

Երեւանի արուարձաններէն Նոր Նորքի Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ Ռաֆֆի Հերմոն Արաքսի յուղարկաւորութիւնը, որու մասնակիցները իրենց վերջին յարգանքը արտայայտեցին հանգուցեալին նկատմամբ եւ խոնարհում բերին անոր յիշատակին առջեւ։ Յուղարկաւորներու շարքին ուշադրութիւն կը գրաւէին Երեւան հաստատուած կամ Երեւանի մէջ գործ հիմնած պոլսահայեր, որոնք քաղցր յուշեր ունէին լուսահոգի լրագրողին հետ։

Յուղարկաւորութենէն վերջ նորոգ հանգուցեալ Ռաֆֆի Հերմոն Արաքսի մարմինը փոխադրուեցաւ Երեւանի քաղաքային պանթէոն, ուր ամփոփուեցաւ շիրիմին մէջ, որ ծածկուեցաւ յուղարկաւորներու կողմէ թողուած թարմ ծաղիկներով։ 

Երկուշաբթի, Օգոստոս 16, 2021