ՑՈՒՑԱՀԱՆԴԷՍՈՎ ՎԵՐՅԻՇՈՒՄ

2018 թուականին մահացած աշխարհահռչակ անմոռանալի լուսանկարիչ Արա Կիւլէր, եթէ ապրէր, ապա 93 տարեկան դարձած պիտի ըլլար։ Արա Կիւլէրի տարեդարձին առթիւ այս օրերուն կազմակերպուած է եզակի ցուցահանդէս մը, ինչ որ լայն արձագանգ գտած է նաեւ տեղական մամուլին մօտ։ Այսպէս, անմոռանալի վարպետի 72 սեւ-սպիտակ լուսանկարներէն բաղկացեալ ցուցահանդէս մը բացուած է Ղալաթիոյ աշտարակին մէջ։ Այսօրուընէ սկսեալ գեղարուեստասէրները հնարաւորութիւն կ՚ունենան այցելել այս ցուցահանդէսը, որու վայրն ալ պատմականօրէն խորհրդանշական է։

Այս նախագիծը կեանքի կը կոչուի Մշակոյթի եւ զբօսաշրջութեան նախարարութեան, նաեւ «Արա Կիւլէր» արխիւի եւ հետազօտութեան կեդրոնի համատեղ նախաձեռնութեամբ։ 

Երկուշաբթի, Օգոստոս 16, 2021