ՖՐԱՆՍԻՍՔՕ ՊՈՒՍԹԻԺՕ ԵՐԵՒԱՆ Կ՚ԱՅՑԵԼԷ

Ուրուկուայի Արտաքին գործոց նախարար Ֆրանսիսքօ Պուսթիժօ պաշտօնական այցելութիւնով ժամանած է Երեւան, ուր կը հիւրընկալուի Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարի ժամանակաւոր պաշտօնակատար Արմէն Գրիգորեանի կողմէ։ Այս առաւօտ, Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարարութենէն ներս տեղի ունեցաւ Արմէն Գրիգորեանի եւ Ֆրասիսքօ Պուսթիժոյի հանդիպումը։ Անոնք կը վարեն բանակցութիւններ եւ կը սարքեն համատեղ մամլոյ ասուլիս մը։ Հիւր նախարարը Երեւանի մէջ կ՚ընդունուի նաեւ Հայաստանի Ազգային ժողովի նախագահ Ալէն Սիմոնեանի եւ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի կողմէ։ Նախատեսուած է նաեւ իր այցելութիւնը Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածին։

Պուստիժօ այս առաւօտ յարգանքի այցելութիւն մըն ալ տուաւ Ծիծեռնակաբերդի յուշահամալիրը։

Երկուշաբթի, Օգոստոս 16, 2021