ԶԳՈՒՇԱՑՈՒՄՆԵՐ…

Հա­յաս­տա­նի Նա­խա­գահ Սերժ Սարգ­սեան ե­րէկ Տու­շան­պէի մէջ, Հա­ւա­քա­կան անվ­տան­գու­թեան պայ­մա­նագ­րի կազ­մա­կեր­պու­թեան (ՀԱՊԿ) գա­գա­թա­ժո­ղո­վին շրջագ­ծով յայ­տա­րա­րեց, թէ հայ-ա­զէ­րի սահ­մա­նին վրայ ի­րադ­րու­թիւ­նը սրե­լու ուղ­ղեալ Ատր­պէյ­ճա­նի փոր­ձե­րը յղի են տա­րած­քաշր­ջա­նի ա­պա­կա­յու­նաց­ման։ Ե­լոյթ ու­նե­նա­լով ՀԱՊԿ-ի Անվտան­գու­թեան խոր­հուր­դի նըս-տաշր­ջա­նին՝ Սերժ Սարգ­սեան նշեց, թէ ՀԱՊԿ-ի ան­դամ պե­տու­թիւն­նե­րու ղե­կա­վար­նե­րուն նեղ կազ­մով հան­դիպ­ման ըն­թաց­քին քննար­կուած են սուր հար­ցեր եւ այդ քննար­կու­մը՝ ըստ ա­ւան­դու­թեան, կրած է ան­կեղծ բնոյթ։ «Ես ՀԱՊԿ-ի պե­տու­թիւն­նե­րու ղե­կա­վար­նե­րուն տե­ղե­կա­ցու­ցի Հա­րա­ւա­յին Կով­կա­սի տա­րած­քաշրջա­նի ի­րադ­րու­թեան մա­սին՝ ու­շադ­րու­թիւն հրա­ւի­րե­լով հայ-ա­զէ­րի սահ­մա­նին եւ ղա­րա­բա­ղա-ատր­պէյ­ճա­նա­կան շփման գծին եր­կայն­քով լա­րուա­ծու­թեան ա­ճի էա­կան սպառ­նա­լի­քին վրայ։ Կրկին չեմ անդ­րա­դառ­նար այդ հար­ցին, միայն կը նշեմ, որ ի­րադ­րու­թիւ­նը սրե­լու ուղ­ղեալ ատր­պէյ­ճա­նա­կան կող­մի փոր­ձե­րը՝ մի­ջազ­գա­յին հան­րու­թեան հա­մար­ժէք հա­կազ­դե­ցու­թեան բա­ցա­կա­յու­թեան պա­րա­գա­յին, յղի են ամ­բողջ տա­րած­քաշր­ջա­նի ի­րադ­րու­թեան ա­պա­կա­յու­նաց­ման», ը­սաւ Սերժ Սարգ­սեան Տու­շան­պէի մէջ։ Հարկ է նշել, որ «Ար­մէնփ­րէս» գոր­ծա­կա­լու­թիւ­նը Սերժ Սարգ­սեա­նի այս ար­տա­յայ­տու­թիւն­նե­րուն ար­ձա­գանգ հան­դի­սա­ցած է՝ «ՌԻԱ Նո­վոս­տի» գոր­ծա­կա­լու­թեան հա­ղոր­դում­նե­րուն հի­ման վրայ։ 

ՀԱՊԿ-ի գա­գա­թա­ժո­ղո­վէն վերջ ե­րէկ Տու­շան­պէի մէջ ան­դամ եր­կիր­նե­րու ղե­կա­վար­նե­րը հան­դէս ե­կան հա­մա­տեղ յայ­տա­րա­րու­թիւ­նով մը։ Այս առ­թիւ մաս­նա­ւո­րա­պէս ընդգ­ծուե­ցաւ, թէ ա­նոնք ան­թոյ­լատ­րե­լի կը հա­մա­րեն ՄԱԿ-ի շրջան­ցու­մով գոր­ծադ­րուող պատ­ժա­մի­ջոց­նե­րը։ ՀԱՊԿ-ի եր­կիր­նե­րը ընդվ­զում յայտ­նե­ցին նոր բա­ժա­նա­րար գի­ծե­րու եւ փակ սահ­ման­նե­րու կա­պակ­ցու­թեամբ։ Ա­նոնք կողմ­նա­կից են սպա­ռա­զի­նու­թիւն­նե­րու մրցա­վազ­քի կան­խուե­լուն։ Նա­խա­գահ­նե­րը ա­ռանձ­նա­պէս ան­հանգս­տու­թիւն յայտ­նե­ցին նաեւ ՀԱՊԿ-ի պա­տաս­խա­նա­տուու­թեան գօ­տիի սահ­ման­նե­րուն մօտ տի­րող ի­րադ­րու­թեան, տա­րած­քաշր­ջա­նա­յին հա­կա­մար­տու­թիւն­նե­րու կար­գա­ւորուած չըլ­լա­լուն ա­ռըն­չու­թեամբ։ Ա­հա­բեկ­չու­թեան եւ ա­թո­մա­յին զէն­քե­րու տա­րած­ման դէմ եւս զգայ­նու­թիւն յայտ­նած են նա­խա­գահ­նե­րը, ա­ռանց ու­շադ­րու­թե­նէ սպրդե­լու նաեւ Սու­րիոյ հար­ցը։ ՀԱՊԿ-ի եր­կիր­նե­րը պայ­մա­նա­ւո­րուած են շա­րու­նա­կել ար­տա­քին քա­ղա­քա­կան դիր­քո­րո­շում­նե­րու հա­մա­կար­գու­մը՝ մի­ջազ­գա­յին ի­րադ­րու­թեան հրա­տապ խնդիր­նե­րուն շուրջ։

Տու­շան­պէի մէջ ե­րէ­կուան գա­գա­թա­ժո­ղո­վին ըն­թաց­քին Հա­յաս­տան ստանձ­նեց ՀԱՊԿ-ի շրջա­նա­յին նա­խա­գա­հի պաշ­տօ­նը։ Հա­յաս­տան-Ատր­պէյ­ճան սահ­մա­նի ա­պա­կա­յու­նաց­ման վտան­գին բա­ցա­ռուած չըլ­լա­լուն շուրջ Ե­րե­ւա­նի զգու­շա­ցում­նե­րը յայտ­նե­լու ա­ռըն­թեր, Սերժ Սարգ­սեան խօ­սե­ցաւ նաեւ հայ­կա­կան կող­մի նա­խա­գա­հու­թեան ա­ռաջ­նա­հեր­թու­թիւն­նե­րուն եւ հիմ­նա­կան ծրագ­րե­րուն շուրջ։ Ան ա­ռա­ջար­կեց ստեղ­ծել ՀԱՊԿ-ի խա­ղա­ղա­պահ ու­ժե­րու նա­խա­պատ­րաստ­ման կեդ­րոն մը։ Հարկ է նշել, որ ցայ­սօր ՀԱՊԿ չէ մաս­նակ­ցած ո­րե­ւէ խա­ղա­ղա­պահ գոր­ծո­ղու­թեան։

Նկա­տի ու­նե­նա­լով, որ Հա­յաս­տան ստանձ­նած է շրջա­նա­յին նա­խա­գա­հի պաշ­տօ­նը, ՀԱՊԿ-ի յա­ջորդ գա­գա­թա­ժո­ղո­վը յա­ռա­ջի­կայ տա­րուան երկ­րորդ կէ­սին տե­ղի պի­տի ու­նե­նայ Ե­րե­ւա­նի մէջ։ Մինչ այդ, ՀԱՊԿ-ի ան­դամ եր­կիր­նե­րը կը նա­խա­տե­սեն հա­մա­տեղ յայ­տա­րա­րու­թիւ­նով մը հան­դէս գալ ՄԱԿ-ի ընդ­հա­նուր ժո­ղո­վին մօտ։

Թէ՛ ՀԱՊԿ-ն եւ թէ ա­նոր ան­դամ պե­տու­թիւն­նե­րը ցարդ ո­րե­ւէ յայ­տա­րա­րու­թիւն չեն կա­տա­րած հայ-ա­զէ­րի սահ­մա­նին վրայ առ­կայ լա­րուա­ծու­թեան ա­ռըն­չու­թեամբ։ Կարգ մը լրա­տուա­մի­ջոց­ներ ՀԱՊԿ-ի խա­ղա­ղա­պահ­նե­րու պատ­րաս­տու­թեան կեդ­րոն մը ստեղ­ծե­լու վե­րա­բե­րեալ Սերժ Սարգ­սեա­նի կող­մէ օ­րա­կար­գի վրայ բե­րուած ա­ռա­ջար­կը կը մեկ­նա­բա­նեն այս ֆո­նին վրայ եւ կ՚ը­նեն հե­տաքրք­րա­կան եզ­րա­կա­ցու­թիւն­ներ։ «lragir.am» կայ­քէ­ջը հարց կու տայ, թէ ար­դեօք Սերժ Սարգ­սեան խա­ղա­ղա­պահ­նե՞ր կը կան­չէ։ Ար­դա­րեւ, ինչ­պէս ծա­նօթ է, եր­կար ժա­մա­նա­կէ ի վեր օ­րա­կար­գի վրայ կը գտնուի Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի եւ Ատր­պէյ­ճա­նի շփման գծի եր­կայն­քին խա­ղա­ղա­պահ­ներ տե­ղա­կա­յե­լու խնդի­րը։ Սա թէեւ բարդ հարց մըն է եւ բա­զում ճիւ­ղա­ւո­րում­ներ կրնայ ու­նե­նալ, սա­կայն մեկ­նա­բան­ներ յա­ճախ կը յայտ­նեն, որ Մոս­կուա կը ձգտի իր խա­ղա­ղա­պահ­նե­րը տե­ղա­կա­յել այն­տեղ։ Սա, բնա­կա­նա­բար, կրնայ ըլ­լալ մի­ջազ­գա­յին ա­ռա­քե­լու­թեան մը ձե­ւա­չա­փին մէջ։

Սարգ­սեան փաս­տա­ցիօ­րէն խա­ղա­ղա­պահ­նե­րու հար­ցը բե­րած է ՀԱՊԿ-ի օ­րա­կար­գին վրայ, սա­կայն իր յայ­տա­րա­րու­թեան մէջ ուղ­ղա­կիօ­րէն ա­ռա­ջարկ մը չկայ հայ-ա­զէ­րի սահ­մա­նին ՀԱՊԿ-ի ու­ժեր տե­ղա­կա­յե­լու վե­րա­բե­րեալ։ Ան փաս­տա­ցիօ­րէն ա­ռա­ջար­կած է Հա­յաս­տա­նը դարձ­նել ՀԱՊԿ-ի խա­ղա­ղա­պահ­նե­րու կեդ­րո­նը։ Հե­տե­ւա­բար, մեկ­նա­բան­նե­րը հա­շուի կ՚առ­նեն զա­նա­զան վար­կած­ներ։ Ար­դեօք այդ ա­ռա­ջար­կը քօ­ղար­կուած փո՞րձ մըն է ՀԱՊԿ-ի խա­ղա­ղա­պահ­նե­րը Ար­ցա­խի հա­կա­մար­տու­թեան գօ­տի մտցնե­լու հա­մար։ Սարգ­սեա­նի ա­ռա­ջար­կին մէջ նկա­տուած է նաեւ ու­շագ­րաւ այլ հան­գա­մանք մը։ Ան մատ­նան­շած է Հա­յաս­տա­նի տաս­նա­մեայ խա­ղա­ղա­պահ փոր­ձա­ռու­թիւ­նը։ Նրբու­թիւ­նը այն է, որ Հա­յաս­տա­նի խա­ղա­ղա­պահ­նե­րը պատ­րաս­տուած են ՆԱ­ԹՕ-ի օ­ժան­դա­կու­թեամբ։ Հայ խա­ղա­ղա­պահ­նե­րը փոր­ձա­ռու­թիւնն ալ կու­տա­կած են ՆԱ­ԹՕ-ի ա­ռա­քե­լու­թիւն­նե­րուն շրջա­նակ­նե­րէն ներս։ Սա կը նշա­նա­կէ ՆԱ­ԹՕ-ի չա­փա­նիշ­նե­րը։ Այ­սինքն, Սերժ Սարգ­սեան ՆԱ­ԹՕ-ի չա­փա­նիշ­նե­րուն հի­մա՞ն վրայ ՀԱՊԿ-ի խա­ղա­ղա­պահ­նե­րու ստեղծ­ման ծրա­գիր մը կ՚ա­ռա­ջար­կէ։ Ար­դեօք Ե­րե­ւան այս հար­ցին շուրջ ո­րե­ւէ հան­գա­մանք հա­մա­ձայ­նե­ցու­ցա՞ծ է ՆԱ­ԹՕ-ի հետ։ Չի բա­ցա­ռուիր նաեւ, որ Ե­րե­ւան կը փոր­ձէ ո­րոշ կա­մուրջ մը հան­դի­սա­նալ ՆԱ­ԹՕ-ի եւ ՀԱՊԿ-ի խա­ղա­ղա­պահ կա­ռոյց­նե­րու հա­մարկ­ման հա­մար, մա­նա­ւանդ, որ ՀԱՊԿ կը փա­փա­քի իր խա­ղա­ղա­րար միա­ւոր­նե­րով ներգ­րա­ւուիլ ՄԱԿ-ի հո­վա­նա­ւո­րու­թեան ներ­քեւ ի­րա­կա­նա­ցուող գոր­ծո­ղու­թիւն­նե­րուն։

Չորեքշաբթի, Սեպտեմբեր 16, 2015