ՀԱՔՔԵԱՐԻԻ ԵՒ ՄԱՐՏԻՆԻ ՄԷՋ ԴԱՐՁԵԱԼ ՅԱՐՁԱԿՈՒՄՆԵՐ. 5 ՆԱՀԱՏԱԿ

Ան­ջա­տո­ղա­կան ա­հա­բեկ­չա­կան ՓՔՔ կազ­մա­կեր­պու­թիւ­նը կը շա­րու­նա­կէ ի­րա­կա­նաց­նել տմար­դի բռնա­րարք­ներ, ո­րոնք բո­վան­դակ երկ­րին մէջ կը յա­ռա­ջաց­նեն ցա­սում։ Մինչ ժո­ղո­վուր­դը միա­հա­մուռ ձե­ւով կը պա­խա­րա­կէ ա­հա­բեկ­չու­թիւ­նը, ե­րէկ, դժբախ­տա­բար դար­ձեալ նոր նա­հա­տակ­նե­րու վե­րա­բե­րեալ լու­րեր հա­սան Հաք­քեա­րիէն եւ Մար­տի­նէն։

Հաք­քեա­րիի մէջ ոս­տի­կա­նա­կան ինք­նա­շարժ մը թի­րա­խը դար­ձաւ ա­հա­բե­կիչ­նե­րուն կող­մէ ճա­նա­պար­հին զե­տե­ղուած ռում­բի մը։ Այս դէպ­քին հե­տե­ւան­քով եր­կու ոս­տի­կան նա­հա­տակուե­ցաւ։ Իսկ Մար­տի­նի Նու­սայ­պին գա­ւա­ռա­կի Իւ­չեոլ շրջա­նին մէջ, կէս գի­շե­րին մօտ հեր­թա­պա­հու­թիւն կա­տա­րող ոս­տի­կան­նե­րու ինք­նա­շար­ժին դէմ եւս կա­տա­րուե­ցաւ յար­ձա­կում մը։ Ճա­նա­պար­հին վրայ զե­տե­ղուած ռում­բը պայ­թե­ցուե­ցաւ հե­ռա­կայ դրու­թեամբ եւ դժբախ­տա­բար այս­տեղ ալ ե­րեք ոս­տի­կան նա­հա­տա­կուե­ցաւ։

Միւս կող­մէ, Մուշ-Տիար­պա­քըր ճա­նա­պար­հին վրայ եւս ՓՔՔ­-ա­կան­նե­րը կա­տա­րե­ցին պայ­թում մը, ո­րու հե­տե­ւան­քով տաս­ներ­կու զի­նուոր վի­րա­ւո­րուե­ցաւ։

Ա­հա­բե­կիչ­նե­րու ձեր­բա­կալ­ման հա­մար անվ­տան­գու­թեան ու­ժե­րուն կող­մէ լայ­նա­ծա­ւալ գոր­ծո­ղու­թիւն­ներ կը կա­տա­րուին յի­շեալ շրջան­նե­րուն մէջ։

Չորեքշաբթի, Սեպտեմբեր 16, 2015