ՆԻՒ ԵՈՐՔԻ ՄԷՋ ՍԿՍԱՒ ՄԱԿ-Ի 70-ՐԴ ՅՈԲԵԼԵՆԱԿԱՆ ՆՍՏԱՇՐՋԱՆԸ
ՄԱԿ-ի ընդհանուր ժողովը երէկ ձեռնարկեց իր 70-րդ նստաշրջանի աշխատանքներուն։ Տարեկան շրջափուլին մեկնարկը ազդարարեցին ՄԱԿ-ի Ընդհանուր քարտուղար Ման Քի Մուն եւ դանիացի դիւանագէտ Մոկենս Լիքէթոֆթ, որ անցեալ Յունիսին ընտրուած էր նախագահ։ Բացման հանդիսաւոր արարողութեան նախօրեակին ՄԱԿ-ի կեդրոնատեղիին մէջ տեղի ունեցաւ 69-րդ նստաշրջանին վերջին նիստը։ Անցեալ տասներկու ամսուան ընթացքին անդամ 193 պետութիւնները քննարկած են բազմաթիւ հարցեր, նաեւ ընդունած՝ շուրջ 300 բանաձեւ կամ որոշում։
Միեւնոյն ժամանակ նոր նստաշրջանին կազմակերպութեան հիմնադրութեան 70-ամեայ յոբելեանը կը նշուի նախատեսուած աշխատանքներուն շրջագծով։ Նոր նստաշրջանի բացման կապակցութեամբ, ՄԱԿ-ի Ընդհանուր քարտուղար Պան Քի Մուն յայտարարեց, թէ ՄԱԿ-ի կանոնադրութեան մէջ ամրագրուած սկզբունքները անցած են ժամանակի ստուգումէն։ Միեւնոյն ժամանակ ան ուշադրութիւն հրաւիրեց աշխարհի վրայ առկայ տառապանքներու ծաւալներուն վրայ՝ մասնաւորապէս յիշելով Սուրիան։ Ըստ իրեն, ընդհանուր ժողովի ընթացքին համաշխարհային ճգնաժամերուն շուրջ քննարկումներ պիտի ծաւալէ աշխարհի զանազան երկիրներու ղեկավարներուն հետ։ Ըստ ՄԱԿ-ի շրջանակներէն փոխանցուած տեղեկութիւններուն, կ՚ակնկալուին նաեւ համաշխարհային առաջնորդներու շարք մը հանդիպումներ։ «Այս հանգրուանին մենք ՄԱԿ-ի 70-ամեակին առթիւ կը սպասենք շատ լայն մասնակցութեան, այնպէս, որ մենք կը փորձենք օգտուիլ հնարաւորութենէն եւ կազմակերպել շարք մը հանդիպումներ», ըսաւ ՄԱԿ-ի բանբերը եւ աւելցուց, թէ մանրամասնութիւնները աստիճանաբար յայտնի պիտի դառնան յառաջիկայ շաբաթներուն։
ՄԱԿ-ի ընդհանուր ժողովի 70-րդ նստաշրջանի քաղաքական բանավէճերուն շրջագծով մասնակիցներու սկզբնական ցուցակին վրայ ընդգրկուած են աշխարհի շուրջ իննսուն երկիրներէն ներկայացուցիչներ՝ պետութիւններու ղեկավարներու, այսինքն առաջին դէմքի մակարդակով։ Այդ երկիրներու շարքին են՝ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ, Ռուսաստան, Չինաստան, Պրազիլ, Ուքրայնա, Եմէն, Իրան, Լիպիա, Պաղեստին, Իսրայէլ, Հոլանտա, Ֆրանսա, Ղազախիստան, Աղֆանիստան, Եգիպտոս, Սպիտակ Ռուսիա, Լաթվիա, Սերպիա եւայլն։
Միեւնոյն ժամանակ ներկայացուած է նոյն շրջանին նախատեսուած Կլոպալ զարգացման գագաթաժողովի մասնակիցներուն սկզբնական ցուցակը։ Նոր նստաշրջանի բացման ընդառաջ կ՚ակնկալուի, որ հաւանութեան արժանանայ Կայուն զարգացման նպատակներու համաձայնեցուած ծրագիրը։
ՄԱԿ-ի ընդհանուր ժողովի 70-րդ նստաշրջանի օրակարգին վրայ ընդգրկուած է 170 նիւթ, որոնց շարքին կը գտնուին խաղաղութեան եւ անվտանգութեան պահպանման, զինեալ հակամարտութիւնները կանխելու, ահաբեկչութեան, ցեղային խտրականութեան եւ այլատեացութեան հակազդելու, բնապահպանութեան, երկիրներու կայուն զարգացման աջակցելու, միջուկային սահմանափակման դրութեան պահպանման, մարդու իրաւանց պաշտպանութեան եւ իրաւունքի գերակայութեան ապահովման վերաբերեալ հարցեր։ Բաց աստի, պիտի շարունակուի Անվտանգութեան խորհուրդի բարենորոգման վերաբերեալ հարցերուն քննարկումները։ Տարուան ընթացքին պաշտօնապէս պիտի սկսի նաեւ ՄԱԿ-ի նոր ընդհանուր քարտուղարի ընտրարշաւը։ Արդարեւ, Պան Քի Մունի լիազօրութիւններու ժամկէտը պիտի լրանայ 31 Դեկտեմբեր 2016 թուականին։ Ան 1 Յունուար 2017 թուականէն ի վեր կը գտնուի այդ պաշտօնին գլուխը եւ այլեւս իրաւունք չունի երրորդ հնգամեայ ժամկէտով մը թեկնածութիւնը առաջադրելու։
Աւանդաբար իւրաքանչիւր նստաշրջանի բացումէն շաբաթ մը վերջ ընդհանուր ժողովի շրջանակներէն ներս տեղի կ՚ունենայ ընդհանուր քաղաքական բանավէճ մը, որու ընթացքին ՄԱԿ-ի անդամ երկիրներու պատուիրակները կրնան արծարծել որեւէ հարց։ Սակայն այս տարի ընդհանուր բանավէճերը յետաձգուած են քիչ մը աւելի ուշ հանգրուանի մը։ Ընդհանուր ժողովի շրջանակներէն ներս, 70-ամեակի յոբելենական շրջանի առաջին մեծ ձեռնարկը պիտի ըլլայ զարգացման հարցերուն նուիրուած գագաթաժողովը, որ նախատեսուած է Սեպտեմբերի 25-27-ին։ Այս գագաթաժողովին ընթացքին պիտի հաստատուի 2015-2030 թուականներու կլոպալ ընկերատնտեսական զարգացման օրակարգը, որու նախագիծը քանի մը շաբաթ առաջ արժանացած էր ՄԱԿ-ի անդամ երկիրներու հաւանութեան։ Հարկ է նշել, որ ընդհանուր ժողովը ՄԱԿ-ի ընդհանուր խորհրդակցական մարմինն է։ Կազմակերպութեան հիմնադրութեան շրջանին այդ մարմինը ունէր 51 անդամ, իսկ ներկայիս մասնակից պետութիւններուն թիւը հասած է 193-ի։
Ընկերատնտեսական զարգացման հարցերուն ձօնուած գագաթաժողովէն օր մը վերջ ՄԱԿ-ի կեդրոնէն ներս պիտի սկսին ընդհանուր քաղաքական բանավէճերը։ Այս տարի կ՚ակնկալուի պետութիւններու եւ կառավարութիւններու աւելի քան 150 ղեկավարներուն մասնակցութիւնը։ Բազմաթիւ երկիրներ ալ պիտի ներկայանան արտաքին գործոց նախարարի մակարդակով։ Երկիրներու պատուիրակութիւններուն ելոյթները պիտի շարունակուին մինչեւ Հոկտեմբերի 3-ը։