ԱՐՏԱԾՄԱՆ ԿՐՃԱՏՈՒՄ

Թուր­քիա վեր­ջին տա­րի­նե­րուն լուրջ ոս­տում մը կը կա­տա­րէ ու­ժա­նիւ­թի բնա­գա­ւա­ռէն ներս։ Այս մթնո­լոր­տին մէջ ու­ժա­նիւ­թի մա­տա­կա­րար­ման ա­ռու­մով երկ­րին ար­տա­սահ­մա­նէն կա­խ-ւա­ծու­թիւ­նը կը նուա­զի թա­փով։ Ներ­կայ տա­ր-ւան ա­ռա­ջին վեց ա­միս­նե­րուն՝ ու­ժա­նիւ­թի ո­լոր­տէն ներս Թուր­քիոյ ար­տա­ծու­մը կրճա­տուե­ցաւ 46 տո­կո­սով եւ ի­ջաւ 1 մի­լիառ 742 հա­զար քի­լօ­վա­թի։

Ու­ժա­նիւ­թի նա­խա­րա­րու­թիւ­նը մաս­նա­ւոր ռազ­մա­վա­րու­թիւն մը որ­դեգ­րած է երկ­րի ար­տա­սահ­մա­նէն ու­նե­ցած կա­խուա­ծու­թեան նուա­զու­մը ա­պա­հո­վե­լու ա­ռա­ջադ­րու­թեամբ։ Ա­ռա­ջին փու­լին ար­ձա­նագ­րուած դրա­կան ար­դիւնք­նե­րը ա­պա­հո­վուած են շնոր­հիւ տե­ղա­կան ար­տադ­րու­թեան եւ վե­րա­կանգ­նուող ու­ժա­նիւ­թի մի­ջոց­նե­րու խրա­խուս­ման։ Տա­ր-ւան ա­ռա­ջին կէ­սին հա­րե­ւան եր­կիր­նե­րէն ե­լեկտ­րա­կան ու­ժա­նիւթ նե­րա­ծե­լու հա­մար կատա­րուած վճա­րում­նե­րը նուա­զած են 61 տո­կո­սով։ Կա­ռա­վա­րու­թիւ­նը յստակ քա­ղա­քա­կա­նու­թիւ­նով մը կը քա­ջա­լե­րէ ա­րե­ւու ու­ժա­նիւ­թի կեդ­րոն­նե­րու կա­ռուց­ման ուղ­ղեալ ներդ­րում­նե­րը։ Յա­ռա­ջի­կայ շրջա­նին Ու­ժա­նիւ­թի նա­խա­րա­րու­թիւ­նը հա­մա­պա­տաս­խան սար­քա­ւո­րում­նե­րու ար­տած­ման հա­մար պի­տի խրա­խու­սէ ներդ­րող­նե­րը։

Այ­լընտ­րան­քա­յին ու­ժա­նիւ­թի ար­տադ­րու­թեան խրա­խուս­ման զու­գա­հեռ՝ Թուր­քիա բազ­մա­կող­մա­նի ծրագ­րե­րով յա­ռաջ կ՚ըն­թա­նայ՝ ըն­թա­ցիկ մի­ջոց­նե­րը զար­գաց­նե­լու եւ ար­տադ­րու­թեան ճա­նա­պարհ­նե­րը տե­սա­կա­ւո­րե­լու ա­ռա­ջադ­րու­թեամբ։ Այս շրջագ­ծով մեծ կա­րե­ւո­րու­թիւն կը ներ­կա­յաց­նէ Ան­գա­րա-Փե­քին հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թիւ­նը ու­ժա­նիւ­թի բնա­գա­ւա­ռէն ներս։ Ար­դա­րեւ, Թուր­քիոյ եւ Չի­նաս­տա­նի մի­ջեւ վեր­ջերս ստո­րագ­րուե­ցան ե­րեք փաս­տա­թուղ­թեր, ո­րոնց կը վե­րագ­րուի պատ­մա­կան նշա­նա­կու­թիւն։

Ա­րե­ւու եւ հո­վու մի­ջո­ցաւ ու­ժա­նիւթ ար­տադ­րե­լու ջան­քե­րուն ա­ռըն­թեր Թուր­քիա կը պատ­րաս­տուի 2023-ին գոր­ծար­կել ա­ռա­ջին հիւ­լէա­կա­յա­նը։ Վեր­ջին շրջա­նին լրջօ­րէն կա­ղա­ցած էր Աք­քու­յուի հիւ­լէա­կա­յա­նի կա­ռուց­ման ծրագ­րին ըն­թաց­քը, սա­կայն ներ­կա­յիս Թուր­քիա-Ռու­սաս­տան յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րու բա­րե­լա­ւու­մը խթա­նիչ գոր­ծօ­նի մը վե­րա­ծուած է այս տե­սան­կիւ­նէն։

Մաս­նա­գէտ­նե­րը ու­ժա­նիւ­թի ո­լոր­տէն ներս Թուր­քիա-Չի­նաս­տան հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան կը վե­րագ­րեն ռազ­մա­վա­րա­կան նշա­նա­կու­թիւն։ Նման հան­գա­մանք մը խնդրոյ ա­ռար­կայ է նաեւ Թուր­քիա-Ռու­սաս­տան հա­մա­գոր­ծակցու­թեան պա­րա­գա­յին։ «Թրքա­կան հոսք» բնա­կան կա­զի կա­ռուց­ման ծրա­գի­րը կեան­քի կո­չե­լու նպա­տա­կով եր­կու եր­կիր­նե­րու ղե­կա­վա­րու­թիւն­նե­րուն կող­մէ դրսե­ւո­րուած քա­ղա­քա­կան կամ­քը կը հա­մա­րուի ճա­կա­տագ­րա­կան։ Այս ծրա­գի­րը ոչ միայն Թուր­քիոյ կա­րիք­նե­րը դի­մագ­րա­ւե­լու տե­սա­կէ­տէ, այլ նաեւ դէ­պի Եւ­րո­պա Թուր­քիան տա­րանց­ման կեդ­րո­նի մը վե­րա­ծե­լու ա­ռու­մով կը խոս­տա­նայ վիթ­խա­րի հե­ռան­կար­ներ։

Ուրբաթ, Սեպտեմբեր 16, 2016