ՄԱՍՆԱԳԷՏՆԵՐՈՒ ՀԱՒԱՔ

Ե­րե­ւա­նի մէջ վեր­ջերս տե­ղի ու­նե­ցաւ «Հայ­կա­կան աշ­խար­հը հա­մա­ցան­ցի վրայ» խո­րագ­րեալ գի­տա­ժո­ղով մը։ Հա­յաս­տա­նի Սփիւռ­քի նա­խա­րա­րու­թեան եւ Ե­րե­ւա­նի Պե­տա­կան հա­մալ­սա­րա­նի (ԵՊՀ) հա­մա­տեղ նա­խա­ձեռ­նու­թեամբ կազ­մա­կեր­պուած էր այս գի­տա­ժո­ղո­վը։ ԵՊՀ-ի «Ռի­թա եւ Վարդ­գէս Պա­լեան­ներ» դահ­լի­ճին մէջ տե­ղի ու­նե­ցան գի­տա­ժո­ղո­վի նիս­տե­րը։

Բա­ցու­մին ող­ջոյ­նի խօս­քե­րով մը հան­դէս ե­կան Հա­յաս­տա­նի Սփիւռ­քի նա­խա­րար Հրա­նոյշ Յա­կո­բեան, ԵՊՀ-ի վե­րա­տե­սուչ Ա­րամ Սի­մո­նեան, Հա­յաս­տա­նի Գի­տու­թիւն­նե­րու ազ­գա­յին ա­կա­դե­միոյ Հա­յա­գի­տու­թեան ու հա­սա­րա­կա­կան գի­տու­թիւն­նե­րու բա­ժան­մուն­քի ա­կա­դե­մի­կոս-քար­տու­ղար Եու­րի Սու­վա­րեան, «Սի­նոփ­սիս Ար­մե­նիա» ըն­կե­րու­թեան գոր­ծա­դիր տնօ­րէն Յո­վիկ Մու­սա­յէ­լեան։

Հրա­նոյշ Յա­կո­բեան այս առ­թիւ կա­րե­ւո­րեց այն հան­գա­ման­քը, թէ ո­լոր­տի մաս­նա­գէտ­նե­րը աշ­խոյժ մաս­նակ­ցու­թիւն բե­րած են այս գի­տա­ժո­ղո­վին։ Ան մատ­նան­շեց, թէ ի­րենք վեց կայ­քէ­ջեր ստեղ­ծած են՝ հա­շուի առ­նե­լով հայ­կա­կան Սփիւռ­քի փա­փաք­նե­րը, կա­րիք­ներն ու ա­ռա­ջարկ­նե­րը։ Հրա­նոյշ Յա­կո­բեան մաս­նա­ւո­րա­պէս շնոր­հա­կա­լու­թիւն յայտ­նեց Հայ­կա­կան բա­րե­գոր­ծա­կան ընդ­հա­նուր միու­թեան (ՀԲԸՄ), որ ստեղ­ծած է Հայ­կա­կան հա­մա­ցան­ցա­յին հա­մալ­սա­րա­նը։ Այս վեր­ջի­նը ար­դէն յա­ջո­ղու­թեամբ կը գոր­ծէ՝ նպաս­տե­լով հա­յա­պահ­պան­ման, հա­յոց լե­զուի պահ­պան­ման կա­րե­ւո­րա­գոյն խնդիր­նե­րու լուծ­ման։ Նա­խա­րա­րը շեշ­տեց, որ նե­րու­ժի հնա­րա­ւո­րու­թիւն­նե­րը եւ ցարդ ստեղ­ծուա­ծը հա­մար­ժէք չեն։ Ան ա­ռա­ջար­կեց մտա­ծել՝ հա­մա­հայ­կա­կան հա­մա­ցան­ցա­յին տա­րածք մը ստեղ­ծե­լու մա­սին։ «Մեր մշա­կու­թա­յին ժա­ռան­գու­թեան զգա­լի մա­սը կը գտնուի հայ­կա­կան սահ­ման­նե­րէն դուրս, չկորսնց­նե­լու հա­մար պէտք է թուայ­նաց­նենք զայն», ը­սաւ Հրա­նոյշ Յա­կո­բեան։

Իր կար­գին, Ա­րամ Սի­մո­նեանն ալ կա­րե­ւո­րեց նման գի­տա­ժո­ղո­վի մը կազ­մա­կեր­պու­մը՝ որ­պէս հա­մա­հայ­կա­կան հիմ­նախն­դիր­նե­րը հա­մա­տեղ, սե­փա­կան ու­ժե­րով լու­ծե­լու հնա­րա­ւո­րու­թիւ­նը։

Բաց­ման նսի­տէն վերջ գի­տա­ժո­ղո­վին շրջագ­ծով ներ­կա­յա­ցուե­ցան բա­զում շա­հե­կան զե­կու­ցում­ներ։ Հա­յաս­տա­նի Սփիւռ­քի փոխ-նա­խա­րար Սերժ Սրա­պիո­նեան վա­րեց ա­ռա­ջին նիս­տը, որ կո­չուած էր «Հայ­կա­կան աշ­խար­հը հա­մա­ցան­ցի գի­տակրթա­կան հար­թա­կին վրայ։ Զե­կու­ցում­նե­րով հան­դէս ե­կան գիտ­նա­կան­ներ ու ո­լոր­տի մաս­նա­գէտ­ներ՝ Սփիւռ­քէն եւ Հա­յաս­տա­նէն։ ԵՊՀ-ի Հայ­կա­կան հե­տա­զօ­տու­թիւն­նե­րու կա­ճա­ռի փոխ-տնօ­րէն Մհեր Յով­հան­նի­սեան զե­կու­ցեց՝ «Հայ­կա­կան աշ­խար­հը հա­մա­ցան­ցի վրայ. հիմ­նախն­դիր­ներ եւ զար­գա­ցում­ներ» նիւ­թով։ ՀԲԸՄ-ի Կեդ­րո­նա­կան վար­չու­թեան ան­դամ ու Հայ­կա­կան հա­մա­ցան­ցա­յին հա­մալ­սա­րա­նի վե­րա­տե­սուչ Ե­րուանդ Զօ­րեան խօ­սե­ցաւ ազ­գա­յին ա­ռաջ­նա­հեր­թու­թիւն­նե­րու մա­սին՝ կա­րե­ւո­րե­լով հա­յոց լե­զուի եւ հայ­կա­կան մշա­կոյ­թին պահ­պա­նու­մը։ «Հա­յա­լե­զու հե­ռա­վար կրթու­թիւ­նը՝ կրթու­թեան մատ­չե­լիու­թեան մօ­տել» նիւ­թով զե­կու­ցեց Հա­յաս­տա­նի Գի­տու­թիւն­նե­րու ազ­գա­յին ա­կա­դե­միոյ Գի­տակր­թա­կան ու մի­ջազ­գա­յին կեդ­րո­նի ար­տա­քին կա­պե­րու բաժ­նի պետ Ա­րու­սեակ Յա­րու­թիւ­նեան։

Այս եւ նման նիւ­թե­րով ի­րա­կա­նա­ցուած եր­կօ­րեայ ծա­ւա­լուն աշ­խա­տան­քը ամ­փո­փուե­ցաւ հար­ցում-պա­տաս­խա­նի բա­ժի­նով մը։ Կար­ծի­քի հե­տաքրք­րա­կան փո­խա­նա­կում­ներ տե­ղի ու­նե­ցան եւ ար­դիւն­քին ա­ռա­ջար­կուե­ցաւ ստեղ­ծել հա­մա­կար­գող մար­մին մը։ Նո­րաս­տեղծ այս մար­մի­նը յա­ռա­ջի­կայ շրջա­նին պի­տի նպաս­տէ այս ո­լոր­տէն ներս ի­րա­կա-­նացուող աշ­խա­տանք­նե­րու հա­մա­կարգ­ման։

Ուրբաթ, Սեպտեմբեր 16, 2016