ԵՐԵՒԱՆԻ ՄԷՋ ՇՆՈՐՀԱՆԴԷՍ

Երեւանի մէջ վերջերս տեղի ունեցաւ պոլսահայ կրթական կեանքի պատմութեան վերաբերեալ գիրքի մը շնորհանդէսը։ «Պատմութիւն իսթանպուլահայ ուսումնական կեանքի եւ կրթական հաստատութիւններու» խորագրեալ գիրքի հեղինակն է նախկին լրագրող Գէորգ Պիւյիւքյակոբեան։ Շնորհանդէսին ներկայ գտնուեցան Գուգարաց Թեմի Առաջնորդ Տ. Սեպուհ Արք. Չուլճեան, Տ. Թաթուլ Ծ. Վրդ. Անուշեան ու շարք մը կրթասէր հետաքրքիրներ։ Ելոյթներով հանդէս եկան երկու յայտնի պատմաբաններ Ռուբէն Սաֆրազտեան եւ Աշոտ Մելքոնեան։

Հայաստանի Սփիւռքի նախարարութենէն ներս կազմակերպուեցաւ այս ձեռնարկը։ Հաւաքոյթի ընթացքին նախարար Հրանոյշ Յակոբեան գնահատանքով արտայայտուեցաւ գիրքին մասին։ Հեղինակն ալ հանդէս եկաւ սրտի խօսքով մը եւ այս առթիւ պարգեւատրուեցաւ Հրանոյշ Յակոբեանի կողմէ։

Շաբաթ, Սեպտեմբեր 16, 2017