ԹՈՒՐՔԻԱ, ՌՈՒՍԱՍՏԱՆ ԵՒ ԻՐԱՆ ԿԸ ՊԱՏՐԱՍՏՈՒԻՆ ԴԻՏՈՐԴՆԵՐ ՏԵՂԱԿԱՅԵԼ ՍՈՒՐԻՈՅ ԲԱԽՈՒՄՆԵՐԷ ԶԵՐԾ ԳՕՏԻՆԵՐՈՒ ՍԱՀՄԱՆՆԵՐՈՒՆ ՎՐԱՅ

Սուրիոյ ներքին պատերազմի կարգաւորման ուղղեալ բանակցութիւններուն վեցերորդ փուլը տեղի ունեցաւ Աստանայի մէջ։ Արտաքին գործոց նախարարութեան աղբիւրները երէկ հանդէս եկան կարեւոր յայտարարութիւններով, ըստ որոնց Թուրքիա, Ռուսաստան եւ Իրան կը պատրաստուին գործնական դերակատարութիւններով հանդէս գալ Սուրիոյ մէջ՝ դաշտի վրայ զարգացնելով կամ ընդլայնելով իրենց պատասխանատուութիւնը։

Ինչպէս ծանօթ է, Թուրքիա, Ռուսաստան եւ Իրան Սուրիոյ ճգնաժամի կարգաւորման ուղղեալ քաղաքական ջանքերը խրախուսելու առաջադրութեամբ որոշած էին հանդէս գալ միջնորդի, երաշխաւորի դերով։ Այդ նոյն նախաձեռնութեան զուգահեռ հասունցած էր Սուրիայէ ներս բախումներէ զերծ գօտիներ ստեղծելու նախաձեռնութիւնը։ Ներկայիս այս երեք երկիրները որոշած են այդ նախաձեռնութիւնը զարգացնել եւ Սուրիայէ ներս բախումներէ զերծ շրջաններու սահմաններուն վրայ ստեղծել հակակշռման կէտեր։ Այդ հակակշռման կէտերուն վրայ երեք երկիրներու կողմէ պիտի զետեղուին դիտորդներ։

Ըստ Արտաքին գործոց նախարարութեան կողմէ կատարուած հաղորդումներուն, երաշխաւոր երեք երկիրներուն կողմէ տեղակայուելիք դիտորդական զօրքերու գործունէութիւնը համակարգելու առաջադրութեամբ պիտի գործէ համակարգման հասարակաց կեդրոն մը։

Շաբաթ, Սեպտեմբեր 16, 2017