ԱՌԱՆՑՔԱՅԻՆ ԵՐԵՍԱԿ
Թուրքիոյ հայոց 85-րդ պատրիարքի ընտրութեան կանոնադրութեան սպասման մթնոլորտը կը շարունակուի։ Պետական պատկան իշխանութիւններուն կողմէ ուղարկուելիք այդ կանոնադրութիւնը վերջնականօրէն պիտի յստակեցնէ ընտրական գործընթացի բոլոր հանգամանքները եւ ամէն ինչ պարզ պիտի դառնայ միանգամընդմիշտ։ Մեր համայնքը երկար ժամանակէ ի վեր պատրիարքական ընտրութեան հանգամանքները կը քննարկէ՝ առաջնահերթութիւն ընծայելով ընտրացուցակներու կատարելագործման կարեւոր հարցին։ Սա կենսական խնդիր մըն է ապահովելու համար ժողովրդական առաւելագոյն մասնակցութիւնը ու երաշխաւորելու համար համայնքի ընդհանուր կամքի ճիշդ ցոլացումը։ Մինչ այդ, բնականաբար, օրակարգի վրայ են այլ կարեւոր հարցեր, որոնցմէ մին է արտասահմանի հաւանական թեկնածուներու վերաբերեալ հեռանկարը։ Այս մէկն ալ պատրիարքական ընտրութեան գործընթացի առանցքային երեսակներէն մին է եւ հանրային կարծիքի անմիջական հետաքրքրութեան առարկայ կը դառնայ։ Պետութեան կողմէ ուղարկուելիք կանոնադրութիւնով պիտի յստականայ, որ արտասահմանի թեկնածուները պիտի կարողանա՞ն մասնակցիլ պատրիարքական ընտրութեան, թէ ոչ։ Այս խնդրին նկատմամբ հետաքրքրութիւնը սահմանափակուած չէ միայն մեր համայնքով, այլ նաեւ ամբողջ հայաշխարհը կը զբաղի այս նիւթով։ Վերջերս Երեւանի «Հրապարակ» օրաթերթը անդրադարձաւ այս նիւթին, որու մէջ կը խօսուէր պատրիարքական ընտրութեան գործընթացէն ներս անհաւասար պայմաններու ստեղծուած ըլլալուն շուրջ։ Կրօնական ժողովի ատենապետ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան բաց նամակով մը արձագանգած է այս հրապարակումին։ Այդ բաց նամակը ուղղուած է «Հրապարակ» օրաթերթի գլխաւոր խմբագիր Արմինէ Օհանեանին։ Այս էջին վրայ նոյնութեամբ կը հրատարակենք նորին սրբազնութեան բաց նամակը։ Նոյնպէս տեղ կու տանք նաեւ «Հրապարակ»ի նիւթին, որպէսզի Տ. Արամ Արք. Աթէշեանի բաց նամակին իմաստը դառնայ հասկնալի, որովհետեւ ան կէտ առ կէտ անդրադարձած է «Հրապարակ»ի գրութեան բովանդակած պնդումներուն։ Սոյն բաց նամակին բովանդակութիւնը կը ցոլացնէ պատրիարքական ընտրութեան գործընթացի վերաբերեալ անանտեսելի հորիզոն մը։
«ՀՐԱՊԱՐԱԿ» ՕՐԱԹԵՐԹԻ ՆԻՒԹԸ
Երեւանի «Հրապարակ» օրաթերթին մէջ վերջին օրերուն լոյս տեսաւ պատրիարքական ընտրութեան գործընթացին վերաբերեալ նիւթ մը։ Սեպտեմբերի 12-ին, Անի Առաքելեանի ստորագրութեամբ հրատարակուած այս նիւթը զետեղուած էր նաեւ յիշեալ թերթի կայքէջին վրայ։ Ստորեւ արեւմտահայերէնի վերածելով կը ներկայացնենք այս նիւթը, որու խորագիրն է՝ «Անհաւասար պայմաններ՝ Պոլսոյ պատրիարքի ընտրութեան գործընթացին մէջ»։
*
«Հրապարակ»ը բազմիցս գրած է Պոլսոյ հայոց 85-րդ պատրիարքի ընտրութիւններու մասին։ Մեր պոլսահայ աղբիւրները կը յայտնեն, որ յառաջիկայ մէկ շաբթուան ընթացքին Թուրքիոյ կառավարութիւնը պիտի տրամադրէ Պոլսոյ հայոց պատրիարքի ընտրութեան կազմակերպման արտօնութիւնն ու կանոնագիրը։ Ըստ մեր աղբիւրներու հաղորդման՝ կանոնագիրը, ամենայն հաւանականութեամբ, հիմնուած պիտի ըլլայ 1961 թուականի կանոնագրի վրայ, որ կիրառուած է 1991-1998 թուականներու պատրիարքական ընտրութիւններու ժամանակ, որոշ փոփոխութիւններով։
Մտավախութիւն կայ, որ այդ փոփոխութիւնները այնպէս պիտի ըլլան, որ պիտի չէզոքացնեն Թուրքիայէ դուրս պաշտօնավարող, բայց Պատրիարքական Աթոռի հաւանական թեկնածու համարուող եպիսկոպոսներու հնարաւորութիւնները, որով կը մեծնան հաւանական թեկնածու համարուող Արամ Արք. Աթէշեանի եւ գործող տեղապահ Սահակ Եպսկ. Մաշալեանի հնարաւորութիւնները։
Մեր պոլսահայ աղբիւրները կը պարզաբանեն, որ դեռ մինչեւ վերջերս հակառակ ճամբարներու մէջ գտնուող արքեպիսկոպոս Արամ Աթէշեանը եւ եպիսկոպոս Սահակ Մաշալեանը, շահերու համընկնումով դարձած են դաշնակիցներ եւ կը փորձեն ամէն ջանք գործադրել, որպէսզի, որքան հնարաւոր է, դէպի Պատրիարքական Աթոռ տանող դռները փակուին Թուրքիայէ դուրս պաշտօնավարող եպիսկոպոսներու առջեւ։ Վերջիններս նաեւ աշխոյժ քարոզչական աշխատանք կ՚իրականացնեն համայնքէն ներս, հակառակ այն բանին, որ եկեղեցական օրէնքով, ըստ մեր աղբիւրի հաղորդման, եկեղեցականներուն անվայել ու անյարիր է քարոզչութեամբ զբաղիլը։ Բացի այդ, եթէ Թուրքիոյ մէջ գործող եպիսկոպոսները արդէն սկսած են քարոզչութեան, ապա, մեծ հաշուով, Թուրքիայէ դուրս գործող եպիսկոպոսները հնարաւորութիւն չեն ունենար համայնքի հետ նոյնիսկ ծանօթանալու եւ իրենց տեսլականն ու ծրագրերը ներկայացնելու։
Յիշեցնենք, որ խօսքը կ՚երթայ պատրիարքի թեկնածու առաջադրուելու պայմաններուն։ Թրքական իշխանութիւնը պէտք է սահմանէ, թէ ովքեր կրնան առաջադրուիլ Պոլսոյ պատրիարքի ընտրութիւններուն եւ տրամադրուած է սահմանել, որ իրենց թեկնածութիւնը կրնան առաջադրել միայն Թուրքիոյ մէջ ծառայութիւն իրականացնող եպիսկոպոսները։ Իսկ նախապէս խօսք կ՚երթար այն մասին, որ կրնան առաջադրուիլ բոլոր անոնք, որոնք արմատներով Թուրքիայէն են, այսինքն՝ ծնողները կը սերին Թուրքիայէն։ Սա կը նշանակէ, որ պատրիարքի աթոռի թեկնածուներու շրջանակը խիստ կը նեղանայ։ Եւ իրենց թեկնածութիւնը չեն կրնար առաջադրել ո՛չ Սեպուհ Արքեպիսկոպոսը, որ կը յաւակնի այդ պաշտօնին, ո՛չ Միքայէլ Աջապահեանը՝ Շիրակի թեմի առաջնորդը։ Ինչ կը վերաբերի ընտրութիւններու հաւանական ժամկէտներուն, ապա, ամենայն հաւանականութեամբ, ընտրութիւնները կը կայանան այս տարուայ դեկտեմբերին։