«ԾԻՐԱՆԻ ԾԱՌ» ՇԱՐԺԱՆԿԱՐԻ ՓԱՌԱՏՕՆԸ

Հայաստանի Ուճան գիւղին մէջ սկսաւ «Ծիրանի ծառ» վաւերագրական ժապաւէններու 6-րդ միջազգային փառատօնը։ Արագածոտնի մարզի Ուճան գիւղին մէջ սկսաւ արդէն աւանդական դարձած «Ծիրանի ծառ» վաւերագրական շարժանկարներու 6-րդ միջազգային փառատօնը։

Փառատօնի նպատակն է լայն հանրութեան ծանօթացնել՝ մեծ ու փոքր ժողովուրդներու սովորութիւններն ու աւանդութիւնները, ժողովրդական արուեստն ու արհեստները եւ հետաքրքրել երիտասարդ հայ շարժանկարի գործիչները ազգագրական եւ մարդաբանական նիւթով՝ խթանելով անոնց որոնումները այդ ուղղութեամբ:

Քորոնաժահրի համավարակի պայմաններուն ներքեւ այս տարի չկրցան Հայաստան ժամանել դատակազմի արտասահմանցի անդամներն ու բեմադիրները, սակայն, ժամանակի ոգիին համահունչ, անոնք ողջոյնի խօսքեր յղեցին տեսաուղերձի միջոցով։ Անոնք իրենց ափսոսանքը յայտնեցին, որ չեն կրցած անձամբ ներկայ գտնուիլ փառատօնին եւ աւելի մօտէն ծանօթանալ Հայաստանին եւ հայերուն, քանի որ, ըստ փառատօնի կանոններու, արտերկրի հիւրերը փառատօնի օրերը կ՚անցընեն ուճանցիներու տունին մէջ՝ վայելելով տեղւոյն բարիքները եւ ծանօթանալով հայ գիւղի ու գիւղացիի կեանքին։

Փառատօնի բացման ներկայացուեցան հատուածներ՝ իրանցի բեմադիր Շահրամ Պատախշան Մեհրի «Ուճանեան պատմութիւն» ժապաւէնէն, որ ան ստեղծած է նախորդ տարի Ուճան այցելութեան տպաւորութիւններու ներքոյ։

Փառատօնի առաջին ժապաւէնը Տարիա Լիթուիչենքոյի եւ Մհեր Համբարձումեանի «Օդակայան»ն էր, որ կը պատմէ Տալլինի օդակայանի մասին քորոնաժահրի համավարակի պայմաններուն մէջ։

Փառատօնը կը շարունակուի մինչեւ սեպտեմբերի 20-ը։ Շարժապատկերները կը ցուցադրուին ամէն օր Ուճան գիւղին մէջ՝ բացօթեայ տարածքէ ներս։ Մուտքը ազատ է։ Ծրագրին եւ շարժանկարներու ժամանակացոյցին կարելի է ծանօթանալ «Ծիրանի ծառ» վաւերագրական ժապաւէններու միջազգային փառատօնի պաշտօնական կայքէջէն։

Չորեքշաբթի, Սեպտեմբեր 16, 2020