ԱՅՑ՝ ՄՇԱԿՈՒԹԱՅԻՆ ՕՃԱԽՆԵՐ

Հայաստանի մէջ սեպտեմբերի 15-էն սկսեալ դպրոցականները կրկին կրնան այցելել մշակութային օճախներ։ Այսպէս, Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ նոր ուսումնական տարուայ մեկնարկէն՝ սեպտեմբերի 15-էն սկսեալ, կը շարունակուի դպրոցական բաժանորդային ծրագիրը: Հայաստանի Կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնամարզի նախարարութիւնը կը տեղեկացնէ, որ ծրագրին միացած թանգարանները բաժանորդային տոմսով կրկին հասանելի կը դառնան հանրապետութեան դպրոցներու շուրջ 400 հազար աշակերտներու եւ ուսուցիչներու համար: Ծրագրի նպատակն է շարունակել ապահովել դպրոցականներու եւ ուսուցիչներու ազատ ընտրութեան սկզբունքով մշակութային օճախներ այցելութիւնը:

Դպրոցական բաժանորդային համակարգի ներդրման ծրագիրը նախատեսուած է պետական հանրակրթական դպրոցներու առաջինէն մինչեւ 12-րդ դասարաններու աշակերտներու եւ ուսուցիչներու համար: Համակարգի ներդրումը իւրաքանչիւր աշակերտի եւ ուսուցիչի հնարաւորութիւն կու տայ՝ ուսումնական տարուայ ընթացքին մէկ անգամ անվճար մուտք գործել երեք մշակութային հաստատութիւն: Ծրագրի նպատակն է խթանել դպրոց-մշակութային օճախ կապը, նպաստել երեխաներու եւ պատանիներու գեղարուեստական դաստիարակութեան եւ գեղագիտական զարգացման: Ծրագիրը սկսած է 2018 թուականի նոյեմբերին:

Չորեքշաբթի, Սեպտեմբեր 16, 2020