ԲԱՑՕԹԵԱՅ ՇԱՐԺԱՆԿԱՐ

Շարժանկարի երկրպագուները հայկական լաւագոյն ժապաւէնները կը դիտեն բացօթեայ հարթակի մէջ։ Այսպէս, քորոնաժահրի համավարակի դժուարին պայմաններէն եւ մեկուսացումէ յետոյ Հայաստանի Ազգային շարժանկարի կեդրոնը «Մոսկուա» շարժանկարի սրահին հետ համատեղ կը սկսի ցուցադրութիւններու շարքի մը՝ «Շարժանկարը բեմի վրայ» խորագրի ներքոյ, որ տեղի կ՚ունենայ «Մոսկուա» շարժանկարի սրահի ամառնային բացօթեայ դահլիճին մէջ:

Նախաձեռնութեան նպատակն է հասարակութեան ներկայացնել բեմական արուեստներու եւ շարժանկարի հանդիպումէն ծնած լաւագոյն հայկական ժապաւէններէն մի քանին՝ ճերմակ պաստառի վրայ։

Տոմսակներէն ստացուած ամբողջ հասոյթը կը տրամադրուի համավարակի հետեւանքով ամիսներ շարունակ անգործութեան դատապարտուած «Մոսկուա» շարժանկարի սրահին: Ցուցադրութիւնները տեղի կ՚ունենան շաբաթ եւ կիրակի օրերը, սեպտեմբերի 19-էն մինչեւ սեպտեմբերի 27-ը։

Չորեքշաբթի, Սեպտեմբեր 16, 2020