ԲՀԿ-Ի ԴԷՄ ՆՈՐ ԳՈՐԾ

Հայաստանի մէջ ներքին քաղաքական կեանքի գայթակղեցուցիչ իրադարձութիւնները կը շարունակուին։ Ընդդիմադիր առաջնորդ Գագիկ Ծառուկեանի կողմէ գլխաւորուած «Բարգաւաճ Հայաստան» կուսակցութեան (ԲՀԿ) հասցէին այս շրջանին իրերայաջորդ ձեւով օրակարգի վրայ կու գան աղմկարար պնդումներ։ Երէկ, ԲՀԿ-ի դէմ արդէն նոր քրէական գործ  մը յարուցուեցաւ։

«Ազատութիւն» ռատիօկայանի հաղորդումներով,  ընտրողներուն կաշառք տալու, կաշառք ստանալու, ընտրութիւններու ընթացքին բարեսիրութեան արգելքի խախտման եւ ընտրողի ազատ կամքի իրականացումը խոչընդոտելու դէպքերու առթիւ յարուցուեցաւ այս քրէական գործը: Հայաստանի Պետական եկամուտներու կոմիտէի (ՊԵԿ) աղբիւրները երէկ այս մասին հանդէս եկան հրապարակումներով:

Ըստ պաշտօնական հաղորդագրութեան՝ կատարուած լայնածիր քննչական գործողութիւններու հիման վրայ փաստացի տուեալներ ի յայտ բերուած են, թէ «Արարատցեմենտ» ընկերութեան որոշ աշխատակիցներ ստիպողաբար անդամակցելով ԲՀԿ-ին՝ աշխատանքէ արձակուելու սպառնալիքի տակ 6 մայիս 2012-ին տեղի ունեցած Հայաստանի խորհրդարանական ընտրութիւններուն ձայներ ապահոված են։ Տրամադրուած են կուսակցութեան օգտին իրենց յորդորով կողմ քուէարկելու պատրաստակամութիւն յայտնած անձերուն մասին տուեալներ: Բաց աստի, նոյն ժամանակաշրջանին «Արարատցեմենտ» ընկերութեան որոշ աշխատակիցներ Արարատի մարզի շարք մը բնակիչներու ԲՀԿ-ի ի նպաստ քուէարկելու համար տուած են կաշառք, առաջարկած եւ տրամադրած այլ առաւելութիւններ:

Այս գծով յարուցուած քրէական գործը ուղարկուեցաւ Հայաստանի Հանրապետութեան Աւագ դատախազութիւն՝ քննչական ենթակայութեան հարցը լուծելու համար:

Չորեքշաբթի, Սեպտեմբեր 16, 2020