ԳԱՀԻՐԷԻ ՄԷՋ ԶՐՈՅՑ

Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Զօհրապ Մնացականեան աւարտեց դէպի Գահիրէ իր պաշտօնական այցելութիւնը։ Ուղեւորութեան եզրափակիչ փուլին ան հանդիպում մը ունեցաւ Արաբական պետութիւններու լիկայի ընդհանուր քարտուղար Ահմէտ Ապտիւլ Ղէյտի հետ։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, Մնացականեան այս հանդիպումը լաւ առիթ մը համարեց վերարժեւորելու համար Հայաստանի եւ Արաբական պետութիւններու լիկայի միջեւ հաստատուած համագործակցութիւնը եւ ուրուագծելու զայն ընդլայնելու հեռանկարները։ Երկուստեք գոհունակութեամբ ընդգծուեցաւ հայկական համայնքներու դերը Հայաստանի եւ արաբական աշխարհի յարաբերութիւններու ամրապնդման ուղղութեամբ։ Նախարարը եւ ընդհանուր քարտուղարը անդրադարձան Մերձաւոր Արեւելքի, Հիւսիսային Ափրիկէի եւ Հարաւային Կովկասի իրադարձութիւններուն։ Երկուստեք մտահոգութիւն յայտնուեցաւ այդ տարածքաշրջաններէն ներս սադրիչ գործողութիւններու եւ կայունութեան ու անվտանգութեան խաթարման ուղղեալ գործելակերպի դրսեւորումներու առընչութեամբ։ Շեշտուեցաւ տարածքաշրջաններէ ներս խաղաղութեան եւ կայունութեան պահպանման եւ ամրապնդման միտուած միջազգային հանրութեան միասնական քայլերու կարեւորութիւնը։

Զօհրապ Մնացականեան ներկայացուց Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրի խաղաղ կարգաւորման շուրջ Երեւանի սկզբունքային մօտեցումներն ու դիրքորոշումները։

Հանդիպման ընթացքին անդրադարձ կատարուեցաւ Պաղեստինի խնդրին շուրջ ստեղծուած ներկայ իրավիճակին։ Մնացականեան կարեւորեց Լիբանանի եւ Սուրիոյ պարագային մարդասիրական խնդիրներու կարգաւորման ուղղեալ ջանքերը։

Չորեքշաբթի, Սեպտեմբեր 16, 2020