ԿԱՏԱՐԵԼԱԳՈՐԾՄԱՆ ԾՐԱԳԻՐ

«Նայիրի» համացանցային բառարաններու կայքը այս շրջանին կատարելագործուած է ուղղագրիչ-ստեղնաշար ծրագիրով մը։ Այսպէս, www.nayiri.com բառարաններու կայքը կը տեղեկացնէ, որ Nayiriboard (կամ «Նայիրի-Ստեղն») հայերէն ուղղագրիչ-ստեղնաշարը արդէն հասանելի է App Store-ին մէջ եւ iPhone եւ iPad-ներուն համար կարելի է զայն ներբեռնել անվճար։

Nayiriboard-ի միջոցաւ հնարաւոր է որեւէ ծրագրի (App-ի) մէջ հայերէն գրել եւ զուգահեռաբար ստուգել ուղղագրութիւնը։ Օրինակի համար՝ Messages-ով, Messenger-ով կամ WhatsApp-ով նամակ մը գրելու ատեն, Facebook-ով կարգավիճակ մը խմբագրելու ընթացքին կամ Notes-ի մէջ գրառում մը շարադրելու ժամանակ այս նոր ծրագիրը կ՚ըլլայ օգտակար։

Ներկայիս 1.0 տարբերակը աւանդական ուղղագրութեամբ կը գործէ՝ հաւասարապէս ընդգրկելով արեւմտահայերէնի եւ արեւելահայերէնի ձեւաբանական կանոնները։ Աւելի քան 150 հազար բառոյթ (lexeme) եւ հինգ միլիոն բառաձեւ կը ներառնէ հայերէն բառապաշարի գրեթէ ամբողջ ծաւալը։

Այս նոր տարբերակը յատկապէ՛ս միտուած է դէպի արեւմտահայերէնին՝ ունենալով համապատասխան ստեղնաշար։ Յառաջիկայ փուլին՝ www.nayiri.com կը նախատեսէ հայաստանաբնակներու համար աւելցնել նաեւ «արդի» ուղղագրութեան ընտրանք, ինչպէս նաեւ զանազան ստեղնաշարեր ընտրելու հնարաւորութիւն։

Ծրագիրը հովանաւորած է «Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկը։

NayiriBoard-ը ձեռք բերելու համար App Store-էն հետեւիլ https://apps.apple.com/us/app/nayiriboard/id1515398679        

կապին։

Չորեքշաբթի, Սեպտեմբեր 16, 2020