ՄԻԱՆԳԱՄԵԱՅ ՍՊԱՍՆԵՐԸ ԱՐԳԻԼՈՒԱԾ

Յունաստանի իշխանութիւնները կը ծրագրեն արգիլել միանգամեայ օգտագործման կերպընկալէ առարկաները։ Այսպէս, Յունաստանի կառավարութիւնը առաջարկած է աստիճանաբար հրաժարիլ միանգամեայ օգտագործման կերպընկալէ առարկաներէն:

Յաջորդ տարուայ յունուարի 1-էն սկսեալ պետական բոլոր ձեռնարկութիւնները չեն կրնար համալրել պաշարները, օրինակ, գրասենեկային դասակարգի համար միանգամեայ օտագործման կերպընկալէ բաժակները: Իսկ յուլիսի 3-էն ի վեր միանգամեայ օգտագործման կերպընկալէ ամանեղէնը չի թոյլատրուիր գնել խանութներէն:

Այդ սահմանափակումները կը մտցուին Եւրոպական Միութեան բոլոր երկիրներուն մէջ՝ այդ նիւթի դէմ պայքարի վերաբերեալ անցեալ տարի ընդունուած տնօրինութեան համապատասխան: Իբր այդ, Եւրոպայի խանութներու մէջ այլեւս չեն վաճառուիր կերպընկալէ պատրաստուած միանգամեայ օգտագործման տասն տեսակի արտադրանքները: 2021 թուականի յունուարէն սկսեալ Յունաստանէ ներս նոյնպէս ուժի մէջ կը մտնէ կենսատարրալուծուող կերպընկալէ պատրաստուած միանգամեայ օգտագործման արտադրանքներու (օրինակ՝ տոպրակներու) արգիլումը:

Բազմաթիւ հետազօտութիւններու համաձայն, եթէ անոնք նետուին բնութեան մէջ, ապա շրջակայ միջավայրին ոչ-պակաս վնաս կը հասցնեն, քան սովորական կերպընկալը:

2021 թուականի յուլիսի 1-էն սկսեալ Յունաստանի մանկական եւ մարզական բոլոր հարթակներու մէջ կը յայտնուին խմելու համար պիտանի շատրուանիկներ, որպէսզի բնակիչները կարենան հրաժարիլ կերպընկալէ ջուրի շիշերէ:

2023 թուականէն սկսեալ Յունաստանի տարածքին օգտագործուող միանգամեայ ապրանքներու արտադրողները պէտք է պատասխանատուութիւն կրեն իրենց արտադրանքը հաւաքելու եւ վերամշակելու համար: Անոնք կրնան միանալ արդէն գոյութիւն ունեցող ընկերութիւններուն կամ ստեղծել իրենցը: Գլխաւորը այն է, որպէսզի անոնց արտադրանքը չյայտնուի բնութեան մէջ:

Չորեքշաբթի, Սեպտեմբեր 16, 2020