ՆՈՐԱՁԵՒ ՊԱՇՏՊԱՆԻՉՆԵՐ

Քորոնաժահրի համավարակ. այս բացատրութեամբ փոխուեցաւ ամբողջ աշխարհը… Մարդոց կենցաղն ու առօրեան, հաւանաբար, անվերադառնալիօրէն փոխուեցան։ Անշուշտ այս հոսանքին մէջ է նաեւ նորաձեւութեան աշխարհը։

Ֆրանսական աշխարհահռչակ Louis Vuitton նորաձեւութեան տունը ներկայացուցած է մօտաւորապէս հազար տոլար արժողութեամբ դէմքի պաշտպանիչ վահանակներ։

Ըստ հաղորդումներու՝ դէմքի վահանակները 961 տոլարով հրապարակի վրայ կ՚ըլլան հոկտեմբերի վերջաւորութեան։

Նորաձեւութեան տունը իր հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ զայն նկարագրած է «գրաւիչ վահանակ, որ միաժամանակ թէ՛ նորաձեւ է եւ թէ պաշտպանիչ»։

Նշուած է նաեւ, որ պաշտպանիչ վահանակը ունի ոսկեայ գամեր եւ կրնայ վերածուիլ գլխարկի։

Միւս կողմէ, Louis Vuitton երկրորդ նորաձեւութեան տունն է, որ քորոնաժահրի համավարակի հիմնադրամին դէմքի պաշտպանիչ վահանակներ սկսած է արտադրել․ անցեալ ամիս Burberry ընկերութիւնը վաճառքի հանած էր իր 118 տոլար արժողութեամբ դիմակները։

Չորեքշաբթի, Սեպտեմբեր 16, 2020