ՆՈՐ ԿԱՐԳԱԴՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐ

Քորոնաժահրի համաճարակի դէմ պայքարի մթնոլորտին մէջ յաւելեալ նախազգուշական միջոցներ կը նախատեսուին Իսթանպուլի պարագային։ Նկատի ունենալով համաճարակի ծաւալման թափը՝ պաշտօնական մարմինները նոր արժեւորումի մը ենթարկած են իրավիճակը։ «Անատոլու» գործակալութեան հաղորդումներով, երէկ, Իսթանպուլի կուսակալ Ալի Երլիքայա յայտնեց, որ մինչեւ շաբաթավերջ պիտի հրապարակուի աստիճանական աշխատանքային ժամերու դրութեան մը հաստատման ծրագիրը։ Ըստ կուսակալին, սա մէկ օրէն միւսը կատարուելիք կարգադրութիւն մը չէ եւ պիտի ընթանայ մասնագէտներու կողմէ առաջադրուելիք ժամանակացոյցի մը հիման վրայ։ Մօտաւորապէս երկու շաբաթէ ի վեր արդէն ընթացքի մէջ են համապատասխան քննարկումները։

Մինչ այդ, Առողջապահութեան նախարարութիւնը երէկ երեկոյեան ընկերային ցանցերու միջոցաւ հրապարակեց վերջին վիճակագրական տուեալները։ Այսպէս, երէկ Թուրքիոյ մէջ կատարուեցաւ 110 հազար 412 քննութիւն եւ նմուշառումներու հիման վրայ ստուգուեցաւ 1742 նոր վարակեալ։ Նոյն ժամանակահատուածին եւս 67 հոգի զոհ գացած է համաճարակի, իսկ առողջացածներու թիւը եղած է 1202։ Ներկայ դրութեամբ 1327 հիւանդի կացութիւնը կը գնահատուի ծանր։

Առողջապահութեան նախարար Ֆահրետտին Քոճա այս տուեալներու լոյսին տակ ընդգծեց, որ նոր վարակեալներու եւ ծանր հիւանդներու թիւը բարձրանալ կը շարունակէ։ «Մեր կորուստները կը շարունակեն ցաւ պատճառել։ Բուժուածներու թիւը կրնայ կորուստներու թիւը գերազանցել՝ միայն նախազգուշական միջոցներու շնորհիւ։ Ժահրին կրնանք յաղթել, եթէ պայքարի մէջ մեր ուժերը միացնենք», ըսաւ Ֆահրետտին Քոճա։

Չորեքշաբթի, Սեպտեմբեր 16, 2020