ՆՈՐ ՄԵՐՁԱՒՈՐ ԱՐԵՒԵԼՔ

Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու կողմէ հովանաւորուած գործընթացով մը, Արաբական Միացեալ Էմիրութիւնները (ԱՄԷ) եւ Պահրէյն որոշեցին իրենց յարաբերութիւնները բնականոնացնել Իսրայէլի հետ։ Երէկ, Ուաշինկթընի մէջ կազմակերպուած հանդիսաւոր արարողութիւնով մը այս երեք երկիրներուն միջեւ ստորագրուեցան համաձայնագրեր, որոնք կը նախատեսեն դիւանագիտական յարաբերութիւններու հաստատուիլը։ Սպիտակ տան մէջ կազմակերպուած արարողութեան ժամանակ կողմերը ստորագրեցին նաեւ համատեղ փաստաթուղթ մը, որ կը կոչուի «Աբրահամի համաձայնութիւն»։

ԱՄՆ-ի նախագահ Տանըլտ Թրամփ այս առթիւ յայտարարեց, որ երբ ճիշդ ժամանակը գայ, Պաղեստինն ալ պիտի ընդգրկուի այս խաղաղութեան շրջանակին մէջ։ Թրամփ աւելցուց, որ ԱՄՆ-ի յառաջիկայ նախագահական ընտրութիւններէն վերջ պիտի համաձայնին նաեւ Իրանի հետ։

Թրամփի տանտիրութեամբ կազմակերպուած երէկուան արարողութեան մասնակցեցան Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիյահու, ԱՄԷ-ի Արտաքին գործոց նախարար Ապտուլլահ պին Զայիտ էլ Նահեան եւ Պահրէյնի Արտաքին գործոց նախարար Ռաշիտ էզ Զէյանի։ Տանըլտ Թրամփ արարողութեան ընթացքին յայտարարեց, որ պատմութեան ընթացքը կը փոխուի ու տարիներ տեւած բախումներէ եւ տարանջատումներէ վերջ՝ նոր Մերձաւոր Արեւելքի արշալոյսը եկած է։ Ըստ իրեն, ներկայ համաձայնութիւնները կ՚ապահովեն, որ տարածքաշրջանի ժողովուրդները փրկուին անցեալի ձախող մօտեցումներէն։  Թրամփ շեշտեց, որ այս երեք երկիրները բարեկամներ են։ Ներկայ համաձայնութիւնը բովանդակ աշխարհի մահմետականներուն հնարաւորութիւն կ՚ընձեռէ՝ այցելել Իսրայէլի սրբավայրերը եւ խաղաղ պայմաններով պաշտամունք կատարել Մեսճիտի Աքսայի մէջ։

Արարողութեան մասնակից միւս ներկայացուցիչներն ալ դրական արժեւորումներով հանդէս եկան եւ շնորհակալութիւն յայտնեցին Թրամփին։

Այսպէսով Եգիպտոսէ (1979) եւ Յորդանանէ (1994) վերջ եւս երկու արաբական պետութիւն որոշեցին Իսրայէլի հետ բնականոնացնել իրենց յարաբերութիւնները։

Չորեքշաբթի, Սեպտեմբեր 16, 2020