ՇՆՈՐՀԱՒՈՐՈՒԹԻՒՆ

Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան երէկ հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի հետ։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, Պաքուի ազատագրման 102-րդ տարեդարձին առթիւ տեղի ունեցաւ այս զրոյցը, որու ընթացքին Էրտողան շնորհաւորութիւններ յղեց Իլհամ Ալիեւին եւ Ատրպէյճանի ժողովուրդին։

Ըստ Էրտողանի, երկու երկիրները իրենց գոյութեան եւ կենսական շահերուն ուղղեալ սպառնալիքներու եւ յարձակումներու դէմ հանդէս կու գան միասնականութեամբ ու զօրակցութեամբ։ Սա թէ՛ օրինակ մը եւ թէ պատգամ մըն է ուղղեալ համայն աշխարհին։ Ըստ Էրտողանի, Թուրքիա Ատրպէյճանի հետ յարաբերութիւնները խորացնելու եւ համագործակցութիւնը ամրապնդելու կամքը կը կրկնէ։ Թուրքիա միշտ ամուր զօրակցութիւնով մը դիրք պիտի գրաւէ Ատրպէյճանի կողքին։

Չորեքշաբթի, Սեպտեմբեր 16, 2020