Ուրբաթ 24, Յունուար 2025
ՆԵՆՍԻ ՓԵԼՈԶԻ ՎԱՂԸ ՀԱՅԱՍՏԱՆ Կ՚ԱՅՑԵԼԷ
Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Ներկայացուցիչներու տան նախագահ Նենսի Փելոզի վաղը պիտի այցելէ Հայաստան։ Երեւանի մէջ նախատեսուած են իր հանդիպումները Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի եւ այլ պաշտօնատարներու հետ։ Թրքական աղբիւրներն ալ արձագանգ հանդիսացած են այս լուրին։ Այսպէս, Նենսի Փելոզի սոյն այցելութեան կը ձեռնարկէ Ատրպէյճանի հետ բախումներու մթնոլորտին մէջ Հայաստանին ի նպաստ զօրակցութիւնը արտայայտելու համար։ Այցելութեան ընթացքին Փելոզիին կ՚ընկերանայ Գալիֆորնիոյ քոնկրէսականներէն Ճեքի Սփայր։ Այս վերջինը, ըստ թրքական մամուլին, կ՚աշխատի հայկական լոպիին համար։
Ուրբաթ, Սեպտեմբեր 16, 2022