ՍԱՄԱՐՂԱՆՏԻ ՄԷՋ ԵՒՍ ՏԱԳՆԱՊԸ ԱՆՄԻՋԱԿԱՆ ՈՒՇԱԴՐՈՒԹԵԱՆ ԱՌԱՐԿԱՅ
Շանկհայի համագործակցութեան կազմակերպութեան՝ այս օրերուն Սամարղանտի մէջ կազմակերպուած գագաթաժողովն ալ առիթ կը հանդիսանայ Հայաստան-Ատրպէյճան տագնապի քննարկման։ Սամարղանտի մէջ են Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան, Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութին, Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ, Իրանի նախագահ Իպրահիմ Ռայիսի եւ այլ բազմաթիւ երկիրներու ղեկավարներ։ Էրտողան եւ Ալիեւ երէկ հանդիպում մը ունենալով քննարկեցին իրավիճակը։ Առկայ խնդիրներու արծարծումը կը նախատեսուի նաեւ այսօր՝ Էրտողանի եւ Փութինի միջեւ։ Սամարղանտի մէջ մէկտեղուեցան նաեւ Փութին եւ Ռայիսի, որոնք եւս անմիջական ուշադրութիւն կը ցուցաբերեն տագնապին նկատմամբ։
Անգարա վերջին օրերուն շարունակ կը կրկնէ իր աջակցութիւնը ի նպաստ Պաքուին։ Թրքական կողմը խնդիրը այն դիտանկիւնէն կը տեսնէ, թէ Հայաստան սադրանքներու դիմելով ուզած է Ռուսաստանը հակամարտութեան մէջ ներքաշել, սակայն իր ծրագիրը ձախողած է։ Թրքական լրատուամիջոցներն ալ կը ներկայացնեն Ատրպէյճանի զոհերու յուղարկաւորութիւններէն դրուագներ։