ԱՐԱՐԱՏ ՄԻՐԶՈՅԵԱՆ ԵՒ ՍՏԵՖԱՆ ՍԵԺՈՒՐՆԷ ՔՆՆԱՐԿՈՒՄՆԵՐ Կ՚ՈՒՆԵՆԱՆ ԵՐԵՒԱՆԻ ՄԷՋ
Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան այս օրերուն Երեւանի մէջ կը հիւրընկալէ Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարար Ստեֆան Սեժուրնէն, որու ողեւորութեան ծրագիրը կը բաղկանայ երկու օրերէ։ Ֆրանսացի նախարարին կողմէ գլխաւորուած պատուիրակութիւնը երէկ հասաւ Հայաստան։ Առաջին փուլին Արարատ Միրզոյեան եւ Ստեֆան Սեժուրնէ այցելեցին Վետի քաղաքի ջրամբարը, որ կը կառուցուի Ֆրանսայի զարգացման գործակալութեան կողմէ տրամադրուած միջոցներով։ Սեժուրնէ յարգանքի այցելութիւն մըն ալ տուաւ Ծիծեռնակաբերդի յուշահամալիրը։
Այս առաւօտ Երեւանի մէջ տեղի ունեցաւ երկու նախարարներուն առանձնազրոյցը, որմէ վերջ անոնք գլխաւորեցին ընդլայնուած կազմով պատուիրակութիւններու բանակցութիւնները։ Միրզոյեան եւ Սեժուրնէ սարքեցին նաեւ համատեղ մամլոյ ասուլիս մը։
Ստեֆան Սեժուրնէ այցելութեան առթիւ ընդգծեց, որ Ֆրանսա կը շարունակէ ամուր աջակցութիւն ցուցաբերել Հայաստանի անկախութեան եւ տարածքային ամբողջականութեան ի նպաստ։