ԷԱԿԱՆ ԵՒ ԱՌԱՋՆԱՀԵՐԹ

Միջազգային քրէական ատեանի նախկին աւագ դատախազ Լուիզ Մորենօ Օքամփօ շաբաթավերջին մամլոյ ասուլիս մը սարքեց Երեւանի մէջ։ Ան համոզուած է, թէ Լեռնային Ղարաբաղի հայերու վերադարձի իրաւունքը գոյութիւն ունի, սակայն, այդ մէկուն իրագործման համար յատուկ ծրագիր մը պէտք է։ Օքամփօ ընդգծեց նաեւ, որ Պաքուի մէջ նախատեսուած COP29 կլիմայի փոփոխութեան միջազգային հաւաքի ընթացքին օրակարգի վրայ պէտք է բերել այնտեղ պահուած հայ գերիներու եւ պատանդներու ազատ արձակման հարցը։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, Օքամփօ շեշտեց, որ չափազանց կարեւոր կը նկատուի հայ գերիներու ազատման գործընթացին շուրջ աշխարհասփիւռ հայերու ջանքերուն միաւորումը։

Միւս կողմէ, Հայաստան այցելութեան շրջանակներէն ներս, Օքամփօ այցելեց նաեւ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածին, ուր հիւրընկալուեցաւ Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսին կողմէ։ Վեհափառ Հայրապետը շաբաթավերջին ընդունեց Օքամփոն եւ «Ճշմարտութեան եւ արդարութեան կեդրոն» կազմակերպութեան անդամները, որոնց կ՚ուղեկցէր Հայց. Առաքելական Եկեղեցւոյ Անգլիոյ թեմի առաջնորդ Տ. Յովակիմ Եպսկ. Մանուկեան։ Զրոյցի ընթացքին Վեհափառ Հայրապետը ողջունեց հիւրերը եւ տեղեկութիւններ փոխանցեց Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի՝ հայ ժողովուրդի կեանքէն ներս ունեցած կարեւոր դերակատարութեան, հոգեւոր, մշակութային արժէքներու, ազգային ինքնութեան կերտման եւ ազգապահպան առաքելութեան մասին։

Վեհափառ Հայրապետը զրոյցի տեւողութեան գնահատանքով արտայայտուեցաւ Օքամփոյի կողմէ միջազգային զանազան հարթակներու վրայ հայ ժողովուրդի եւ մանաւանդ՝ Արցախի հայութեան արդար իրաւունքներու պաշտպանութեան, Ատրպէյճանի ցեղասպան քաղաքականութեան դատապարտման եւ գերիներու վերադարձման ուղղութեամբ ներդրուած ջանքերուն համար։ Խօսելով Հայաստանի առջեւ ծառացած անվտանգային հիմնախնդիրներուն մասին՝ Նորին Սրբութիւնը մտահոգութիւն յայտնեց՝ ընդգծելով, որ եկեղեցին մշտապէս իր կարելի նպաստը կը բերէ առկայ մարտահրաւէրներու յաղթահարման, Արցախէն տեղահանուած հայոց հոգեւոր եւ մարդասիրական կարիքներու բաւարարման եւ անոնց ապահով ապագայի կերտման ուղղութեամբ։ Յիշեալ խնդիրներու ամբողջական լուծման համար Վեհափառ Հայրապետը կարեւորեց թէ՛ միջազգային հանրութեան գործօն աջակցութիւնը եւ թէ Օքամփոյի ծաւալած գործունէութիւնը ի խնդիր արդարութեան հաստատման եւ մարդու իրաւանց պաշտպանութեան։

Իր կարգին, Լուիզ Մորենօ Օքամփօ ներկայացուց իր մտածումները Վեհափառ Հայրապետի շօշափած խնդիրներուն շուրջ։ Ան առանձնապէս կանգ առաւ այն հայ պատանդներու եւ ռազմագերիներու հարցերուն վրայ։ Օքամփօ անդրադարձաւ նաեւ Հայ Եկեղեցւոյ կարեւոր դերակատարութեան՝ Արցախէն տեղահանուած հայոց հոգեւոր առաջնորդութեան, անոնց ոտնահարուած իրաւունքներու պաշտպանութեան եւ գերիներու վերադարձման ուղղութեամբ։

Երկուշաբթի, Սեպտեմբեր 16, 2024