ՄԵՐԺԵԼ ԲՌՆՈՒԹԻՒՆԸ

Երէկ երեկոյեան, Հարպիյէի Cemal Reşit Rey (CRR) համերգասրահին մէջ տեղի ունեցաւ «Հրանդ Տինք» մրցանակաբաշխութիւնը։ Այս տարի 16-րդ անգամ յանձնուեցաւ այս միջազգային մրցանակը, որ հաստատուած է համանուն հիմնարկին նախաձեռնութեամբ։ CRR-ի դահլիճը գրեթէ ամբողջութեամբ լեցուն էր եւ ստեղծուած ոգեւոր մթնոլորտի հիմնական պատգամը բռնութեան մերժումն էր։ Ողջոյնի խօսքով մը հանդէս եկաւ հոգելոյս Հրանդ Տինքի այրին՝ Ռաքել Տինք, որ կը գլխաւորէ համանուն հիմնարկը։

Երեկոյթի յայտագիրը գործադրուեցաւ՝ հանիդսավարութեամբ Նեզաքէթ Էրտէնի եւ Հաքան Էմրէ Իւնալի։ Ձայնաւորումներուն համար պատասխանատուութիւն ստանձնած էին նաեւ Մահիր Կիւնշիրայ եւ Էրիք Նազարեան։ Իր ելոյթին մէջ Ռաքել Տինք շեշտեց, որ բռնութեան հետամուտ բոլոր քաղաքականութիւններէն պէտք է հեռու մնալ եւ այդ խօսոյթին դէմ պէտք է ըլլալ զգօն, պէտք է պաշտպանել ո՛չ թէ բռնութիւնը, այլ՝ ապրելու իրաւունքը։

Այս տարուան «Հրանդ Տինք» միջազգային մրցանակը յանձնուեցաւ Թուրքիայէն՝ «Մոր չաթը» կանանց ապաստանման վաքըֆին եւ Սիերա Լէոյէն՝ Ռուկիաթու Նենեհ Թուրային։ Հարկ է նշել, որ այս տարուան պարգեւատրեալները կը յատկանշուին՝ կանանց իրաւունքներու հետամուտ ծաւալուած ազդու գործունէութեամբ։

Մրցանակաբաշխման արարողութեան ընթացքին գործադրուեցաւ նաեւ երաժշտական յայտագիր։ Բաց աստի, պարգեւատրեալներն ալ հանդէս եկան սրտի խօսքերով։

Երկուշաբթի, Սեպտեմբեր 16, 2024