ՔԱՆԻ ՄԸ ԼԱՐԻ ՎՐԱՅ

Ռուսաստանի փոխ-վարչապետ Ալեքսէյ Օվերչուք, որ վերջին օրերուն Երեւան այցելեց, շփումներու եզրափակիչ փուլին այցելեց նաեւ Հայաստանի հիւսիսը, ուր ծանօթացաւ մօտաւոր անցեալին ջրհեղեղէն վնասուած երկաթուղիի վերականգնման աշխատանքներուն։ Ծանօթ է, որ Հայաստանի երկաթուղային ցանցի կառավարումը ռուսական ընկերութեան մը կողմէ կ՚իրականացուի եւ մօտաւոր անցեալի ջրհեղեղին հետեւանքով յառաջացած ահաւոր վնասներէն վերջ Ռուսաստան շարժման անցած էր վերականգնման նպատակով։

Բաց աստի, «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, Ալեքսէյ Օվերչուք ուղեւորութեան եզրափակիչ փուլին յայտարարեց, որ Հարաւային Կովկասէ ներս տարածաշրջանային հաղորդակցութիւններու ապաշրջափակումը հնարաւոր է Հայաստան-Ռուսաստան-Ատրպէյճան առանցքին վրայ ձեռք բերուած պայմանաւորուածութիւններուն՝ մասնաւորապէս 2020 թուականի նոյեմբերի յայտարարութեան հիման վրայ։ Իր խօսքով՝ այդ յայտարարութեան շրջանակներէն ներս կարելի է ապաշրջափակման հասնիլ՝ Հայաստանի ինքնիշխանութեան, տարածքային ամբողջականութեան եւ իրաւազօրութեան սկզբունքներու պահպանմամբ։ 

Երկուշաբթի, Սեպտեմբեր 16, 2024