ԺԸՆԵՒԻ ՄԷՋ ԱՍՈՒԼԻՍ

Ե­րէկ ե­րե­կո­յեան, Ժը­նե­ւի մէջ տե­ղի ու­նե­ցաւ թրքա­հայ մա­մու­լին եւ այժ­մու հա­մայն­քա­յին կեան­քին վե­րա­բե­րեալ հե­տաքրք­րա­կան, իս­կա­պէս շա­հե­կան ձեռ­նարկ մը։ Քա­ղա­քի կեդ­րո­նի Սէն-Ժեր­վէ թատ­րո­նի հա­մա­լի­րէն ներս տե­ղի ու­նե­ցաւ այս ա­սու­լի­սը, զոր վա­րեց ա­կա­դե­մա­կան ու լրագ­րող Վի­գէն Չե­թե­րեան, որ վեր­ջին շրջա­նին գիրք մը հրա­տա­րա­կած է հայ-թրքա­կան յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րուն շուրջ, իբր այդ կը մաս­նակ­ցի հա­մա­պա­տաս­խան քննար­կում­նե­րու, իսկ տա­կա­ւին նա­խորդ շա­բաթ ար­դէն այ­ցե­լած էր Պո­լիս։ Ե­րե­կոյ­թի ա­տե­նա­խօս­ներն էին ԺԱ­ՄԱ­ՆԱԿ օ­րա­թեր­թի գլխա­ւոր խմբա­գիր Ա­րա Գօ­չու­նեան եւ «Ա­կօս» շա­բա­թա­թեր­թի հա­յե­րէն բաժ­նի խմբա­գիր Բագ­րատ Էս­դու­գեան։

Հարկ է նշել, որ վե­րո­յի­շեալ թատ­րո­նի ըն­դար­ձակ հա­մա­լի­րէն ներս, շուրջ վեց շա­բա­թէ ի վեր բա­ցուած է «Ֆրակ­ման­ներ» խո­րագ­րեալ ցու­ցա­հան­դէս մը՝ 2015-ի ո­գե­կո­չում­նե­րուն շրջագ­ծով։ Զուի­ցե­րա­հայ հա­մայն­քէն մի­ջին տա­րի­քով կամ ա­ւե­լի ե­րի­տա­սարդ խումբ մը նուի­րեալ­նե­րու ջան­քե­րով կազ­մա­կեր­պուած է այս ցու­ցա­հան­դէ­սը, որ այս օ­րե­րուն կը հաս­նի իր ա­ւար­տին։ Վա­ւե­րագ­րա­կան նշա­նա­կու­թեամբ ցու­ցա­հան­դէս մըն է այս մէ­կը։ Եր­կու յար­կե­րու վրայ ներ­կա­յա­ցուած են՝ Ե­ղեռ­նի շրջա­նին ապ­րուած­նե­րուն շուրջ, այդ տա­րի­նե­րուն զուի­ցե­րա­կան մա­մու­լին մէջ լոյս տե­սած­նե­րը։ Այդ ար­ձա­գանգ­նե­րը մէջ­բե­րուած ու հա­մադ­րուած են՝ ի­րենց ամ­բող­ջու­թեան մէջ, հա­մա­պար­փակ մօ­տե­ցու­մով մը։ Այ­սինքն, այդ շրջա­նի զուի­ցե­րա­կան զա­նա­զան թեր­թե­րը կա­տա­րեալ հա­ւա­սա­րակշ­ռու­թիւ­նով մը մա­տու­ցուած են թէ՛ որ­պէս փաս­տա­վա­ւե­րագ­րա­կան նիւթ եւ թէ որ­պէս գե­ղա­րուես­տա­կան ա­ռար­կայ։ Կազ­մա­կեր­պիչ­նե­րը կը նա­խա­տե­սեն Ժը­նե­ւէ վերջ այս ցու­ցա­հան­դէ­սը կրկնել նաեւ ու­րիշ քա­ղաք­նե­րու մէջ։

Ու­րեմն, այս ցու­ցա­հան­դէ­սին զու­գա­հեռ՝ Ժը­նե­ւի մէջ շա­բաթ­նե­րէ ի վեր կը կազ­մա­կեր­պուին նաեւ շարք մը ա­սու­լիս­ներ, ո­րոնք բազ­մաբ­նոյթ նիւ­թե­րու քննարկ­ման թա­տե­րա­բե­մը հան­դի­սա­ցած են։ Այս նոյն ծի­րին մաս կազ­մեց նաեւ ե­րէկ ե­րե­կո­յեան տե­ղի ու­նե­ցած ձեռ­նար­կը, ո­րու ա­ռանց­քա­յին նիւթն էր թրքա­հայ մա­մուլն ու այժ­մու հա­մայն­քա­յին կեան­քը՝ ուղ­ղա­կի պոլ­սա­հայ բա­նա­խօս­նե­րու մաս­նակ­ցու­թեամբ։ Զուե­ցե­րա­հա­յոց հո­գե­ւոր ա­ռաջ­նորդ Տ. Գու­սան Վրդ. Ալ­ճա­նեանն ալ մաս­նակ­ցե­ցաւ այս ե­րե­կոյ­թին, ո­րու բաց­ման, յա­նուն «Ֆրակ­ման­նե­րու» ցու­ցա­հան­դէ­սի եւ ա­սու­լի­սի կազ­մա­կեր­պիչ­նե­րուն, Մե­տա Խա­չատ­րեան հան­դէս ե­կաւ ող­ջոյ­նի խօս­քով մը։ Վի­գէն Չե­թե­րեան ամ­փոփ ձե­ւով անդ­րա­դար­ձաւ ձեռ­նար­կի օ­րա­կար­գին ու նա­խա­տե­սուած ձե­ւա­չա­փին՝ ա­տե­նա­խօս­նե­րու հա­կիրճ կեն­սագ­րու­թեան փո­խանց­մամբ։

Ա­րա Գօ­չու­նեան եւ Բագ­րատ Էս­դու­գեան ա­ւե­լի վերջ ման­րա­մասն կանգ ա­ռին թրքա­հայ մամ­լոյ ա­ռա­քե­լու­թեան, բազ­մա­կող­մա­նի դե­րա­կա­տա­րու­թեան եւ գոր­ծու­նէու­թեան զա­նա­զան ե­րե­սակ­նե­րուն վրայ՝ այդ բո­լո­րը միշտ մեկ­նա­բա­նե­լով հա­մայն­քա­յին այժ­մու կեան­քի ա­ռաջ­նա­հեր­թու­թիւն­նե­րուն եւ մար­տահ­րա­ւէր­նե­րուն լոյ­սին տակ։

Էս­դու­գեան հայ մամ­լոյ պատ­մու­թեան հանգ­րուան­նե­րուն անդ­րա­դար­ձաւ՝ հայ ժո­ղո­վուր­դի պատ­մու­թեան հո­լո­վոյ­թի ա­ռանց­քա­յին ե­ղե­լու­թիւն­նե­րուն հետ ակ­նար­կե­լով զու­գա­հե­ռա­կան­նե­րու։ Ան հա­մա­զուած է, որ պոլ­սա­հայ մա­մու­լին այ­սօ­րուան տե­սա­կա­ւո­րու­թիւ­նը հարս­տու­թիւն մը կը հա­մա­րուի մեր հա­մայն­քին եւ ընդ­հան­րա­պէս հա­յու­թեան տե­սան­կիւ­նէն։ Ըստ Բագ­րատ Էս­դու­գեա­նի, հայ ի­րա­կա­նու­թեան մօտ մա­մու­լը այ­սօր եւս անհ­րա­ժեշ­տու­թիւն մըն է, ո­րով­հե­տեւ հրա­պա­րա­կուած թեր ու դէմ կար­ծիք­նե­րը մեծ նշա­նա­կու­թիւն ու­նին ար­դի մար­տահ­րա­ւէր­նե­րու դի­մագ­րաւ­ման ճա­նա­պար­հին, ա­ռանց զի­րար մեր­ժե­լու, վա­նե­լու եւ մա­նա­ւանդ ի­րա­րու հետ ըն­թա­նա­լու ա­ռու­մով։

Գօ­չու­նեա­նի եւ Էս­դու­գեա­նի բա­ցատ­րու­թիւն­նե­րը տար­րա­կան անհ­րա­ժեշտ պատ­կե­րա­ցու­մը ստեղ­ծե­ցին ներ­կա­նե­րու մտքին մէջ, մինչ թէ­կուզ ոչ այդ­քան դահ­լի­ճը լե­ցուած էր ամ­բող­ջու­թեամբ։ Ի շա­րու­նա­կու­թիւն, հար­ցում-պա­տաս­խա­նի բաժ­նին մէջ ալ ստեղ­ծուե­ցաւ կար­ծի­քի վառ փո­խա­նա­կում­նե­րու մթնո­լորտ մը։

Հա­ւա­քոյ­թի ա­ւար­տին, նա­խա­ձեռ­նարկ­նե­­րը ընթ­րի­քով մը մե­ծա­րե­ցին ա­տե­նա­խօս­նե­րը եւ սե­ղա­նին շուրջ եւս ձե­ւա­ւո­րուե­ցաւ ան­մի­ջա­կան զրոյ­ցի մը մթնո­լոր­տը։

ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ. «ԹՐՔԱՀԱՅ ՄԱՄՈՒԼԸ ԿԸ ՀԱՄԱՐՈՒԻ ՄԵՐ ՀԱՄԱՅՆՔԱՅԻՆ ԻՐԱՒՈՒՆՔՆԵՐՈՒՆ ՊԱՇՏՊԱՆԸ»

Ստո­րեւ կը ներ­կա­յաց­նենք ԺԱ­ՄԱ­ՆԱԿ օ­րա­թեր­թի գլխա­ւոր խմբա­գիր Ա­րա Գօ­չու­նեա­նի կող­մէ՝ Ժը­նե­ւի մէջ ե­րէկ ե­րե­կո­յեան կազ­մա­կեր­պուած ա­սու­լի­սին ըն­թաց­քին ներ­կա­յա­ցուած խօս­քը։

Իս­կա­պէս հե­տաքրք­րա­կան է 2015 թուա­կա­նի մթնո­լոր­տին մէջ ա­կա­նա­տես ըլ­լալ այս ցու­ցա­հան­դէ­սին ու մաս­նակ­ցիլ ա­նոր ա­ծան­ցուած այս ա­սու­լի­սին։ Դար մը ա­ռաջ զուի­ցե­րա­կան մա­մու­լին մէջ գրուած­նե­րուն այ­սօր կը նա­յինք իւ­րո­վի այժ­մէա­կա­նու­թեամբ, մինչ աշ­խար­հի բո­լոր կող­մե­րուն կը նշուի Հա­յոց ցե­ղաս­պա­նու­թեան 100-րդ տա­րե­լի­ցը։ Այս «Ֆրակ­ման­ներ»ը կը պայ­մա­նա­ւո­րեն նաեւ մե­րօ­րեայ ըն­կա­լում­նե­րը, ա­ռիթ կը հան­դի­սա­նան հա­ւա­քա­կան յի­շո­ղու­թեան վե­րար­ժե­ւոր­ման, ո­րով­հե­տեւ մարդ­կու­թեան մտքին զար­գա­ցու­մը հետզ­հե­տէ կը բա­ցա­ռէ մարդ­կու­թեան իսկ դէմ գոր­ծուած յան­ցա­գոր­ծու­թիւն­նե­րուն մո­ռա­ցու­թեան մատ­նուի­լը։

1915-էն դար մը անց, այս տա­րի կ­՚ո­գե­կո­չուին հա­յոց նա­հա­տակ­նե­րը, զա­նա­զան պատ­գամ­ներ դուրս կը բե­րուին ա­նոնց յի­շա­տա­կէն ու կը վե­րա­հաս­տատուին խա­ղա­ղու­թեան, հան­դուր­ժո­ղու­թեան, հա­մա­կե­ցու­թեան, ի­րեր­հաս­կա­ցու­թեան եւ հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան հրա­մա­յա­կան­նե­րը։ Մարդ­կա­յին կեան­քի նուի­րա­կա­նու­թիւնն ու մարդ ա­րա­րա­ծի ար­ժա­նա­պա­տուու­թիւ­նը այ­սօր եւս կը մնան ա­ռաջ­նա­հերթ ու ան­զի­ջե­լի ար­ժէք­ներ։

2015-ի մթնո­լոր­տին մէջ թէ՛ հա­յու­թեան եւ թէ մի­ջազ­գա­յին հան­րա­յին կար­ծի­քին ու­շադ­րու­թիւ­նը ինք­նա­բե­րա­բար կը շե­ղի նաեւ դէ­պի Թուր­քիա։ Հայ­կա­կան հար­ցի թա­պու ըլ­լա­լէ դադ­րեց­ման գոր­ծըն­թա­ցին դրսե­ւո­րում­նե­րը յա­ճախ կը դրուին կշիռ­քի վրայ։ Ար­դիւնք­նե­րը ա­նան­տե­սե­լի են ու չեն սպրդիր ու­շադ­րու­թե­նէ։ Հա­սա­րա­կա­կան երկ­խօ­սու­թեան մը ձե­ւա­չա­փին մէջ կ՚ապ­րուին բա­զում ի­րա­դար­ձու­թիւն­ներ, ո­րոնք կ­՚ա­ռըն­չուին զա­նա­զան շրջա­նակ­նե­րու եւ բնա­գա­ւառ­նե­րու։ Որ­քան որ ալ հա­սա­րա­կա­կան հար­թու­թեան վրայ ըլ­լան ապ­րուած­նե­րը, որ­քան որ ալ ա­նոնք ի վի­ճա­կի չըլ­լան ուղ­ղա­կիօ­րէն ազ­դե­լու Թուր­քիա-Հա­յաս­տան յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րու բնա­կա­նո­նաց­ման վրայ, ան­վի­ճե­լիօ­րէն, ա­նոնք ու­նին նաեւ քա­ղա­քա­կան չա­փում մը, ո­րով­հե­տեւ ա­նոնց ար­դիւ­նա­ւէ­տու­թեան հա­մե­մա­տու­թեան լոյ­սին տակ դա­տո­ղու­թիւն­ներ կը կա­տա­րուին կամ նոյ­նիսկ տպա­ւո­րու­թիւն­ներ կը կազ­մուին պե­տու­թեան վե­րա­բեր­մուն­քին, հա­ւա­նա­կան դիր­քո­րո­շում­նե­րուն շուրջ։

Այս բո­լո­րի կի­զա­կէ­տին է թրքա­հայ հա­մայն­քը, որ փոր­ձա­քա­րը կը հան­դի­սա­նայ ե­ղա­ծին կամ չե­ղա­ծին, կա­րե­լիին եւ ան­կա­րե­լիին, իսկ եր­բեմն ալ՝ կամ­քին ու չկա­մու­թեան։ Այս բո­լո­րը զի­րար կը խա­չա­ձե­ւեն նուրբ խաչ­մե­րու­կի մը վրայ, ո­րու էու­թիւ­նը եւ ըն­թաց­քը կա­րե­լի է ա­մե­նաընդգր­կուն ի­մաս­տով պատ­կե­րաց­նել՝ հե­տե­ւե­լով թրքա­հայ մա­մու­լին։

Իս­թան­պու­լի մէջ, թրքա­հայ մա­մու­լը այ­սօր կը գո­յա­տե­ւէ հա­րուստ ա­ւան­դու­թիւն­նե­րով, խոր նա­խըն­թաց­նե­րով ու մա­նա­ւանդ թարմ ե­ռան­դով եւ վե­րա­նո­րոգ ա­ռա­քե­լու­թեամբ։ Մեր մա­մու­լը այ­սօր ան­ցեա­լը կը շաղ­կա­պէ ներ­կա­յին եւ ա­ւե­լի փայ­լուն ա­պա­գա­յի մը տես­լա­կա­նով կը փոր­ձէ ար­ժե­ւո­րել այդ ներ­կան։ Թրքա­հայ մա­մու­լը այ­սօր ո՛չ միայն հա­յե­լին կամ ձայնն է մեր հա­մայն­քին, այլ նաեւ ա­ռանց­քա­յին գոր­ծօն մը, որ կը պայ­մա­նա­ւո­րէ ա­նոր եր­թը։

Թրքա­հայ ի­րա­կա­նու­թեան մօտ այ­սօր կը գո­յա­տե­ւէ հա­յաշ­խար­հի ա­նընդ­հատ հրա­տա­րա­կուող ա­մե­նա­հին օ­րա­թեր­թը՝ ԺԱ­ՄԱ­ՆԱԿ եւ մենք պա­տիւն ուինք այ­սօր ձե­զի ներ­կա­յա­նա­լու՝ որ­պէս ա­նոր գլխա­ւոր խմբա­գի­րը։ Թերթ, որ հիմ­նուած է 1908 թուա­կա­նին, այ­սօր կը գո­յա­տե­ւէ վե­րապ­րա­ծի հան­գա­ման­քով եւ ո­րու ար­խիւ­նե­րուն մէջ նուազ չեն այս ցու­ցա­հան­դէ­սին շրջագ­ծով ներ­կա­յա­ցուած­նե­րուն նման «Ֆրակ­ման»ներ։ Շուրջ հա­րիւր եւ տա­սը տա­րի­նե­րու իր գոր­ծու­նէու­թեամբ եւ վկա­յու­թեամբ այս օ­րա­թեր­թը ուղ­ղա­կիօ­րէն կ­՚ա­ռըն­չուի թրքա­հա­յու­թեան հա­ւա­քա­կան յի­շո­ղու­թեան հետ ու կը շա­րու­նա­կէ լուրջ նպաստ մը բե­րել՝ ա­նոր հա­ւա­քա­կան մտքի, հան­րա­յին կար­ծի­քի ամ­բող­ջա­կան ձե­ւա­ւոր­ման ուղ­ղու­թեամբ։

ԺԱ­ՄԱ­ՆԱԿ-ը եւ ընդ­հան­րա­պէս թրքա­հայ մա­մու­լը այ­սօր ի­րենց լի­նե­լու­թեամբ կը խորհր­դան­շեն մեր հա­մայն­քին կեն­սու­նա­կու­թիւ­նը, կը հա­մա­րուին ա­նոր զար­կե­րա­կը։ Բնա­կա­նա­բար, մեր մա­մու­լը նախ եւ ա­ռաջ հա­ղոր­դակ­ցու­թեան մի­ջո­ցի դեր կը կա­տա­րէ։ Այս մէ­կուն վրայ կու գայ ա­ւել­նալ մայ­րե­նի լա­զուով կա­յուն հա­ղոր­դակ­ցու­թեան հնա­րա­ւո­րու­թիւ­նը։ Եւ ի վեր­ջոյ, մա­մու­լին գո­յու­թիւ­նը կը վե­րա­բե­րի հայ հա­մայն­քի փոք­րա­մաս­նա­կան ի­րա­ւունք­նե­րու պե­տա­կա­նօ­րէն ե­րաշ­խա­ւո­րուած ըլ­լա­լուն՝ եր­կու հիմ­նա­կան ցու­ցա­նի­շով։ Ա­ռա­ջի­նը այն է, որ Լո­զա­նի դաշ­նագ­րով մեր հա­մայն­քին ի­րա­ւունք վե­րա­պա­հուած է մայ­րե­նի լե­զուով լրա­տուա­մի­ջոց­ներ ու­նե­նա­լու եւ հրա­տա­րա­կու­թիւն­ներ ը­նե­լու։ Երկ­րոր­դը՝ նոյն­պէս հա­մայն­քի ի­րա­ւունք­նե­րուն վե­րա­բե­րեալ հար­ցե­րուն շուրջ մա­մու­լը ու­նի դի­տար­կո­ղի, վե­րահս­կո­ղի դիրք։ Երբ որ հար­ցեր յա­ռա­ջա­նան այս ո­լոր­տին մէջ, միշտ մեր մա­մու­լը կ­՚ըլ­լայ ա­ռա­ջին ա­հա­զան­գո­ղը, հե­տե­ւա­բար ան կը հա­մա­րուի նաեւ հա­մայն­քա­յին ի­րա­ւունք­նե­րուն պաշտ­պա­նը։

Թրքա­հա­յու­թիւ­նը այ­սօր վիթ­խա­րի ժա­ռան­գու­թեան մը ի­րա­ւա­յա­ջորդն է։ Հա­մայն­քը կան­գուն կը պա­հէ հաս­տա­տու­թիւն­նե­րու ըն­դար­ձակ ցանց մը։ Այս ցան­ցը ստեղ­ծուած է պատ­մու­թեան ըն­թաց­քին, երբ Պոլ­սոյ մէջ հա­յոց թի­ւը կը հաս­նէր հա­րիւր­յի­սուն հա­զար կամ նոյ­նիսկ ա­ւե­լիին։ Սա կը հա­մա­պա­տաս­խա­նէր քա­ղա­քի այդ շրջա­նի ընդ­հա­նուր բնակ­չու­թեան մօ­տա­ւո­րա­պէս քա­ռոր­դին։ Այդ­պի­սի զան­գուա­ծի մը կրթա­կան, կրօ­նա­կան, ա­ռող­ջա­պա­հա­կան, ըն­կե­րա­յին, մշա­կու­թա­յին, վար­չա­կան եւ այլ կա­րիք­նե­րը դի­մագ­րա­ւե­լու հա­մար ստեղ­ծուած ցան­ցը այ­սօր կան­գուն կը պա­հուի այդ մար­դու­ժի գրե­թէ մէկ քա­ռոր­դին կող­մէ։ Այս յա­րա­տե­ւու­թիւ­նը կ­՚ա­պա­հո­վուի սի­ներ­ժիով մը, որ կը գո­յա­նայ շնոր­հիւ հա­մայն­քա­յին մամ­լոյ մղիչ ու­ժին։ Սա կը վե­րա­բե­րի հա­մայն­քի ներ­քին հա­ւա­սա­րակշ­ռու­թիւն­նե­րուն, նե­րա­ռեալ նաեւ ինք­նու­թեան եւ հա­յա­պահ­պան­ման հար­ցե­րը, նաեւ Հա-յաստան-Սփիւռք զօրակցութիւնը։

Հա­մայն­քա­յին կեան­քը հետզ­հե­տէ ա­ւե­լի ուղ­ղա­կիօ­րէն կ­՚ազ­դուի նաեւ այն­պի­սի գոր­ծօն­նե­րէ կամ գոր­ծըն­թաց­նե­րէ, ո­րոնք կ­՚ապ­րուին ան­կախ իր տի­նա­միք­նե­րէն։ Ցե­ղաս­պա­նու­թեան հար­ցին շուրջ քննար­կում­նե­րը, հայ-թրքա­կան յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րուն ի­րա­դար­ձու­թիւն­նե­րը, մա­նա­ւանդ Թուր­քիոյ գա­ւառ­նե­րու հայ­կա­կան ճար­տա­րա­պե­տա­կան ժա­ռան­գու­թեան նկատ­մամբ նոր վե­րա­բեր­մուն­քը, ըն­կե­րամ­շա­կու­թա­յին հար­թու­թեան վրայ փո­խա­նա­կում­ներն ու փո­խա­դարձ ազ­դե­ցու­թիւն­նե­րը, ժո­ղովր­դագ­րա­կան կամ դի­ւա­նա­կա­լա­կան նո­րու­թիւն­նե­րը եւ տա­կա­ւին բա­զում նիւ­թեր հե­տաքրք­րու­թեան ա­ռանց­քի մը վե­րա­ծած են մեր հա­մայն­քը։ Այդ հե­տաքրք­րու­թիւ­նը կու գայ թէ՛ թրքա­կան եւ թէ հայ­կա­կան շրջա­նակ­նե­րէ։ Դրսե­ւո­րում­ներն ալ տե­սա­կա­ւոր են, ան­շուշտ։ Ա­նոնք կրնան վե­րա­բե­րիլ ինչ­պէս զուտ ճա­նա­չո­ղա­կան ո­րո­նում­նե­րու, այն­պէս ալ կող­մե­րէն ո­րե­ւէ մէ­կուն կող­մէ առ­նուած քայ­լի մը միւ­սին վրայ գոր­ծած ազ­դե­ցու­թիւ­նը չա­փե­լու։ Այս տե­սա­կա­ւոր հե­տաքրք­րու­թիւն­նե­րը յա­գեց­նե­լու ուղ­ղու­թեամբ այ­սօր մեր մա­մու­լին վի­ճա­կած է լուրջ պա­տաս­խա­նա-տըւու­թիւն։ Հե­տե­ւա­բար, ներ­կայ պայ­ման­նե­րով թրքա­հայ մա­մու­լին ծա­ւա­լած գոր­ծու­նէու­թեան նշա­նա­կու­թիւ­նը վա­ղուց գե­րա­զան­ցած է զուտ հա­մայն­քա­յին սահ­ման­նե­րը, սա­կայն դժբախ­տա­բար գոր­ծու­նէու­թեան տե­սա­կա­ւոր­ման զու­գա­հեռ ե­կա­մուտ­նե­րու մի­ջոց­նե­րու հա­մա­պա­տաս­խան տե­սա­կա­ւո­րու­թիւն մը չու­նի մեր մա­մու­լը։ Սա ո՛չ միայն կը դժուա­րաց­նէ ըն­թա­ցիկ հա­ւա­սա­րակշ­ռու­թիւն­նե­րը, այլ կը խո­չըն­դո­տէ մա­նա­ւանդ ա­պա­գայ մար­դու­ժի պատ­րաս­տու­թիւ­նը։ Մենք այ­սօր կը գո­յա­տե­ւենք՝ հա­մո­զուած ըլ­լա­լով որ ա­մէն տե­սակ դժուա­րու­թեան դէմ լա­ւա­գոյն դի­մադ­րու­թիւնն է յա­մա­ռօ­րէն ար­տադ­րե­լը։

Ուրբաթ, Հոկտեմբեր 16, 2015