ՍԹՐԱԶՊՈՒՐԿԷՆ ՎԵՐՋԱԿԷՏ

Եւ­րո­պա­յի մար­դու ի­րա­ւանց ա­տեա­նի (Ե­ՄԻԱ) Մեծ պա­լա­տը ե­րէկ հրա­պա­րա­կեց «Զուի­ցե­րիա ընդ­դէմ Փե­րին­չէ­քի» դա­տի իր վճի­ռը։ Դա­տա­ւոր­նե­րը ո­րո­շած են, որ տե­ղի ու­նե­ցած է Մարդ­կա­յին ի­րա­ւա­նաց եւ­րո­պա­կան հա­մա­ձայ­նագ­րի 10-րդ յօ­դուա­ծի խախ­տում՝ այ­սինքն կ՚աշ­կան­դուած է «Վա­թան» կուս­կա­ցու­թեան ղե­կա­վար, ազ­գայ­նա­պաշտ գոր­ծիչ Տո­ղու Փե­րի­չէ­քի ա­զատ ար­տա­յայ­տուե­լու ի­րա­ւուն­քը եւ ա­տեա­նը այդ հիմ­քով ալ մեր­ժած է Զուի­ցե­րիոյ բո­ղո­քը։

Ո­րո­շու­մին մէջ նաեւ կը նշուի, որ ար­դեօք Եւ­րո­պա­յի մար­դու ի­րա­ւանց ա­տեա­նէն չի պա­հան­ջուի՞ր սահ­մա­նել՝ 1915-ին Օս­մա­նեան կայս­րու­թեան մէջ տե­ղի ու­նե­ցած հայ ժո­ղո­վուր­դի կո­տո­րած­ներն ու զան­գուա­ծա­յին տե­ղա­հա­նու­թիւ­նը բնու­դագ­րել որ­պէս ցե­ղաս­պա­նու­թիւն. ա­տեա­նը ո­րո­շած է, որ ի­րա­ւա­սու չէ եւ այդ հար­ցին վե­րա­բե­րեալ չի կրնար ի­րա­ւա­կան ուժ ու­նե­ցող գնա­հա­տա­կան տալ։

Հարկ է նշել, թէ նա­խորդ՝ Ստորին պա­լա­տի ո­րոշ­ման մէջ Հա­յոց ցե­ղաս­պա­նու­թիւ­նը բնու­թագրուած էր որ­պէս պատ­մա­կան վի­ճե­լի փաստ մը, ինչ որ որ­պէս եր­րորդ կողմ կը վի­ճար­կէր Հա­յաս­տա­նի Հան­րա­պե­տու­թիւ­նը։

Եւ­րո­պա­յի մար­դու  ի­րա­ւանց ա­տեա­նին մօտ Հա­յաս­տա­նի ի­րա­ւունք­նե­րը պաշտ­պա­նած էին ծա­նօթ փաս­տա­բան­ներ Ճեֆ­րի Ռա­պըրթ­սըն, Ա­մալ Քլու­նի եւ Թո­պի Քո­լիս։

Յի­շեց­նենք, որ 2008-ին զուի­ցե­րա­կան դա­տա­րան մը դա­տա­պար­տած էր Տո­ղու Փե­րին­չէ­քը՝ Հա­յոց ցե­ղաս­պա­նու­թիւ­նը ժխտե­լու մե­ղադ­րան­քով։ Փե­րին­չէք դի­մած էր Եւ­րո­պա­յի մար­դու ի­րա­ւանց ա­տեան եւ 2013-ին ա­տեա­նի Ստո­րին պա­լա­տը ո­րո­շած էր, որ Զուի­ցե­րիոյ դա­տա­րա­նի վճի­ռը Մարդ­կա­յին ի­րա­ւանց հա­մա­ձայ­նագ­րի 10-րդ յօ­դուա­ծի ոտ­նա­հա­րում է։ Զուի­ցե­րիոյ կա­ռա­վա­րու­թիւ­նը իր կար­գին դի­մած էր Եւ­րո­պա­կան ա­տեան՝ գոր­ծը Մեծ պա­լատ փո­խադ­րե­լու խնդրան­քով, որ ըն­դու­նուած էր 2014-ին։ Դա­տին ունկնդ­րու­թիւ­նը կա­յա­ցած էր 28 Յու­նուար 2015-ին։  Հա­կա­ռակ այս վճռին, Հա­յաս­տա­նի կա­ռա­վա­րու­թիւ­նը կը պնդէ, որ ամ­բող­ջու­թեամբ գո­հա­ցում տրուած է իր պա­հանջ­նե­րուն։

Եւ­րո­պա­յի մար­դու ի­րա­ւանց ա­տեա­նի մօտ Հա­յաս­տա­նի ներ­կա­յա­ցու­ցիչ, ա­ւագ դա­տա­խազ Գէորգ Կոս­տա­նեա­նի յայ­տա­րա­րու­թեան հա­մա­ձայն, Հա­յաս­տա­նի կա­ռա­վա­րու­թիւ­նը կ՚ակն­կա­լէր, որ Եւ­րո­պա­կան ա­տեա­նի վճռէն բա­ցա­ռուին այն ձե­ւա­կեր­պում­նե­րը, ո­րոնք կրնան կաս­կա­ծի տակ դնել Հա­յոց ցե­ղաս­պա­նու­թեան փաս­տը։

Ըստ հայ­կա­կան կող­մին, Մեծ պա­լա­տը շեշ­տած է, որ իր խնդի­րը չէ ի­րա­ւա­կան ո­րե­ւէ յայ­տա­րա­րու­թիւն կա­տա­րել 1915-ի ի­րա­դար­ձու­թիւն­նե­րուն վե­րա­բե­րեալ։ Բա­ցի այդ, հայ­կա­կան կող­մը դրա­կան կը նկա­տէ, որ Սթրազ­պուր­կի դա­տա­րա­նը ի­րա­ւա­չափ հա­մա­րած է Հա­յոց ցե­ղաս­պա­նու­թեան ժխտու­մի քրէա­-կան պա­տաս­խա­նա­տուու­թիւ­նը, պար­զա­պէս նշած է, որ ա­տի­կա պէտք է կա­տա­րուի բա­ցա­ռա­բար Եւ­րո­պա­կան հա­մա­ձայ­նագ­րի շրջա­նա­կին մէջ։

Հայ յե­ղա­փո­խա­կան դաշ­նակ­ցու­թեան պիւ­րո­յի Հայ դա­տի եւ քա­ղա­կան հար­ցե­րու գրա­սե­նեա­կի պա­տաս­խա­նա­տու Կի­րօ Մա­նո­յեան եւս պար­տու­թիւն չի հա­մա­րեր այս վճի­ռը, դի­տել տա­լով, որ ա­նոր դէմ քուէար­կած են 17 դա­տա­ւոր­նե­րէն 7-ը։ «Ե­թէ մէկ բա­ռով պի­տի ո­րա­կենք, պի­տի ը­սէի այն, որ այդ 7-ը դէմ ձայ­նե­րը ո­րա­կա­ծեն են, թէ այս մէ­կը երկ­չոտ ո­րո­շում մըն էր», ը­սաւ ան։

Միւս կող­մէ, Հայ ազ­գա­յին գոնկ­րէ­սը մտա­հո­գիչ կը նկա­տէ այս վճի­ռը։ «Խոր ափ­սո­սան­քով ծա­նօ­թա­ցանք այն լու­րին հետ, որ Եւ­րո­պա­կան ա­տեա­նը ա­ռաջ­նա­յին հա­մա­րեց խօս­քի ա­զա­տու­թիւ­նը, այլ ոչ թէ Հա­յոց ցե­ղաս­պա­նու­թիւ­նը մեր­ժե­լը քրէա­կան օ­րէնսգր­քով սահ­մա­նուած յօ­դուած է։ Այդ ա­ռու­մով տե­ղի ու­նե­ցաւ մտա­հո­գիչ փաստ մը, որ կը կրկնէ եր­կու տա­րի ա­ռաջ կա­յա­ցուած վճի­ռը։ Միա­ժա­մա­նակ, ըստ իս, սա պի­տի ու­նե­նայ ո­րո­շա­կի ազ­դե­ցու­թիւն նման օ­րէնք­ներ ըն­դու­նած այլ եր­կիր­նե­րու մէջ եւս։ Թուր­քիան լրա­ցու­ցիչ», ը­սաւ Հայ ազ­գա­յին գոնկ­րէ­սի ար­տա­քին յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րու յանձ­նա­ժո­ղո­վի նա­խա­գահ Վլա­տի­միր Կա­րա­պե­տեան։

«Ժա­ռան­գու­թիւն» կու­սակ­ցու­թե­նէն Ար­մէն Մար­տի­րո­սեան եւս վճի­ռը դրա­կան չէ հա­մա­րած Հա­յաս­տա­նի հա­մար։ Ըստ ի­րեն, Մեծ պա­լա­տի վճռին վրայ ազ­դած է նաեւ Հա­յաս­տա­նի քա­ղա­քակր­թա­կան ընտ­րու­թիւ­նը։ «Քա­ղա­քակր­թա­կան ո­րո­շա­կի ընտ­րու­թիւն կա­տա­րե­ցինք եւ ար­դա­րու­թիւն կամ մեր նկատ­մամբ դրա­կան վրա­բեր­մունք կը պա­հան­ջենք մէկ այլ քա­ղա­քակր­թա­կան կեր­պէն, բայց կը յանձ­նուինք բո­լո­րո­վին այլ քա­ղա­քակր­թա­կան կեր­պի։ Ուս­տի այս ա­մէ­նը, կը կար­ծեմ, ազ­դե­ցու­թիւն ու­նե­ցած է, ո­րով­հե­տեւ միայն ար­դա­րա­դա­տու­թեան խնդիր չէ, յստակ է, որ քա­ղա­քա­կան մօ­տե­ցում ալ գո­յու­թիւն ու­նի», ը­սաւ Մար­տի­րո­սեան։ Ըստ ի­րեն, վճի­ռը նա­խա­դէպ մը պի­տի հան­դի­սա­նայ եւ պի­տի ու­նե­նայ բա­ցա­սա­կան ազ­դե­ցու­թիւն։

Նիւ­թին շուրջ յայ­տա­րա­րու­թիւն մը հրա­պա­րա­կեց նաեւ Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րա­րու­թիւ­նը։ Այն­տեղ կը նշուի, թէ պե­տու­թիւ­նը որ­պէս եր­րորդ կողմ մաս­նակ­ցած է դա­տա­վա­րու­թեան։ «Այս ո­րո­շու­մը ի­րա­ւա­կան կա­րե­ւոր յաղ­թա­նակ մըն է ժո­ղովր­դա­վա­րու­թեան, ար­տա­յայտ­ման ա­զա­տու­թեան եւ մարդ­կա­յին ի­րա­ւանց տե­սա­կէ­տէ, ինչ­պէս նաեւ այն քա­ղա­քա­կա­նու­թեան տե­սա­կէ­տէ, զոր որ­դեգ­րած ենք՝ 1915-ի դէպ­քե­րուն վե­րա­բե­րեալ», նշուած է այն­տեղ։

 

Ուրբաթ, Հոկտեմբեր 16, 2015