ԺԸՆԵՒԻ ՄԷՋ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ

Ժընեւի մէջ այսօր տեղի կ՚ունենայ Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեանի եւ Ատրպէյճանի Նախագահ Իլհամ Ալիեւի հանդիպումը։ ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահներու միջնորդութեամբ կը տեսակցին երկու ղեկավարները՝ քննարկումներ ծաւալելու համար Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորման գործընթացին շուրջ։ Սերժ Սարգսեան եւ Իլհամ Ալիեւ վերջին անգամ տեսակցած էին շուրջ երկու տարի առաջ։ Ապրիլեան քառօրեայ պատերազմի յաջորդած ժամանակաշրջանին անոնք Սեն Փեթերսպուրկի մէջ տեսակցած էին՝ Ռուսաստանի Նախագահ Վլատիմիր Փութինի միջնորդութեամբ։ Այդ հանդիպումէն ի վեր անցած է բաւական երկար ժամանակ եւ այժմ անոնք դարձեալ կը տեսակցին քննարկելու համար Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորման գործընթացին թափ տալու վերաբերեալ հարցեր։

Ժընեւի գագաթաժողովին ընդառաջ քաղաքական մեկնաբանները ընդհանրապէս կը մատնանշեն, թէ առարկայական հիմքեր չեն գոյացած բանակցային գործընթացէն ներս լուրջ տեղաշարժ մը ակնկալելու համար։ Երեւանի ղեկավարութիւնն ալ դրական ակնկալութիւններ չէ արտայայտած այսօրուան հանդիպման ընդառաջ։ Հայաստանի Արտաքին գործոց փոխ-նախարար Շաւարշ Քոչարեան յայտնեց, որ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրի բանակցային գործընթացէն ներս յառաջընթացի համար դրական որեւէ միտում չկայ։

Պատասխանելով լրագրողներու հարցումներուն՝ փոխ-նախարարը ընդգծեց, որ հրադադարի ամրապնդումը հայկական կողմի նախապայմանը չէ։ Արդարեւ, սա մէկ կողմէ Ատրպէյճանի պարտաւորութիւնն է, իսկ միւս կողմէ՝ համանախագահներու շատ տրամաբանական մօտեցումը։ «Ինչպէս կարելի է յառաջընթացի մասին խօսիլ, եթէ կողմերու միջեւ չկայ վստահութիւն», ըսաւ Շաւարշ Քոչարեան եւ աւելցուց, որ բանակցային գործընթացի մէջ տեղաշարժ չըլլալը պայմանաուորուած է Պաքուի կողմէ նախընտրուած ուժային քաղաքականութեամբ՝ ի պատասխան ինքնորոշման։ Ատրպէյճան առ այսօր չի հրաժարիր իր քաղաքականութենէն։

Ըստ փոխ-նախարար Քոչարեանի, այսօրուան Սարգսեան-Ալիեւ հանդիպման համար որոշուած օրակարգն ալ ձեռնտու ըլլալ չի թուիր Պաքուի տեսակէտէ։

Շաւարշ Քոչարեան համոզուած է, որ Ժընեւի այսօրուան գագաթաժողովին ընդառաջ Ատրպէյճան յայտնուած է ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի եւ միջազգային հանրութեան ճնշման տակ։ Արդարեւ, համանախագահներու յայտարարութիւնները կը դառնան հետզհետէ աւելի հասցէական։ Անոնց մէջ թէեւ միշտ անուն չի տրուիր, սակայն արդէն հասցէատէրը կ՚երեւի։ Նկատի ունենալով, որ Ժընեւի բանակցութիւններուն ընդառաջ Հայաստանի Տաւուշի մարզէն ներս Ատրպէյճանի կողմէ հայ զինուոր մը նահատակուեցաւ՝ լրագրողներ փոխ-նախարարին տեսակէտը շօշափեցին նաեւ այս նիւթին շուրջ։ Շաւարշ Քոչարեան ըսաւ. «Ընդհանուր առմամբ գիտենք, որ Ատրպէյճանի նպատակն է անընդհատ վնաս հասցնել։ Սա անոնց հետեւողական քաղաքականութիւնն է։ Այո, կարեւորագոյն հանդիպումներէ առաջ, այդ հանդիպումներուն ընթացքին եւ այդ հանդիպումներէն վերջ սադրանքները կը դառնան աւելի յաճախակի»։

Փոխ-նախարարին խօսքերով՝ Սարգսեան-Ալիեւ Ժընեւի այսօրուան հանդիպման բովանդակութիւնը ակնյայտօրէն ձեռնտու չէ Պաքուի տեսակէտէ։ «Այս տեսանկիւնէն պատահական չէ Ալիեւի սադրիչ յայտարարութիւնը, երբ կը փորձէ խեղաթիւրել բովանդակութիւնն ու այլ բան մը կը ներկայացնէ։ Բայց, այնուամենայնիւ, չեմ կարծեր, թէ ինք կարենայ խուսափիլ այդ հանդիպումէն», աւելցուց Շաւարշ Քոչարեան։

Երկուշաբթի, Հոկտեմբեր 16, 2017