ՋՂԱՅԻՆ ԼՈՒՐՋ ՊՈՌԹԿՈՒՄ

Ռուսահայ աշխարհահռչակ դերասան ու բեմադրիչ Արմէն Ճիկարխանեան փոխադրուած է հիւանդանոց։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, վերջին շրջանին Արմէն Ճիկարխանեանի պարագային տեղի ունեցած են որոշ լարուածութիւններ եւ պրկումներ՝ իրմէ տարիքով բաւական երիտասարդ ռուս կնոջ եւ թատրոնի հայազգի անմիջական գործակիցներուն հետ յարաբերութիւններու մէջ յառաջացած դժուարութիւններուն բերումով։ Ըստ նոյն աղբիւրին, դերասանի քոյրը՝ Մարինա Ճիկարխանեան ընդգծեց, որ իր եղբայրը երիտասարդ չէ եւ ունի բաւական լուրջ հիւանդութիւններ։ «Սա պէտք է հաշուի առնել։ Նախ՝ շտապօգնութիւնը հասաւ իրեն օգնութիւն ցուցաբերելու համար, ապա եղբայրս թատրոն բերին, իսկ յետոյ դարձեալ հիւանդանոց փոխադրեցին», ըսաւ ան եւ աւելցուց, թէ այդ բոլորը ջղային պոռթկումներու հետեւանքով պատահած է։ «Ես խօսած եմ հիւանդանոցի բժշկապետին հետ։ Եղբօրս պարագային ամէն ինչ կարգին է, ան այժմ բժիշկներու հսկողութեան տակ կը գտնուի։ Իր շաքարը բարձրացած էր, իսկ երբ մարդու շաքարը կը բարձրանայ, ան ինքզինք շատ վատ կը զգայ եւ յաճախ անհամաչափ քայլեր կ՚առնէ։ Իրեն արդէն օգնութիւն կը ցուցաբերեն, ան կը բուժուի», յայտնեց Մարինա Ճիկարխանեան ռուսական աղբիւրներուն։

Երկուշաբթի, Հոկտեմբեր 16, 2017