ԱՐՑԱԽԻ ՄԷՋ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ

Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան երէկ այցելեց Արցախ։ Ստեփանակերտի մէջ ան հիւրընկալուեցաւ Լեռնային Ղարաբաղի նախագահ Բակօ Սահակեանի կողմէ։ Քննարկուեցան հայկական երկու պետութիւններու համագործակցութեան վերաբերեալ հարցեր։

Արմէն Սարգսեան եւ Բակօ Սահակեան այցելեցին նաեւ Շուշի, ուր մոմավառութիւն կատարեցին Ղազանչեցոց Ս. Ամենափրկիչ եկեղեցւոյ մէջ։ Ներկայ էր նաեւ Արցախի Թեմակալ առաջնորդ Տ. Պարգեւ Արք. Մարտիրոսեան։ Նախագահները աւելի վերջ այցելցին նաեւ Շուշիի կերպարուեստի թանգարանը։

Երեքշաբթի, Հոկտեմբեր 16, 2018