ԴԱՐՁԵԱԼ ՍԱՀՄԱՆԻ ՎՐԱՅ ԽԱԽՏՈՒՄ

Թուրքիա-Հայաստան սահմանին վրայ դարձեալ ձերբակալուեցաւ սահմանախախտ մը։ Հայաստանի ռուս սահմանապահ զօրքերը երէկ Կիւմրիի մէջ ձերբակալեցին այդ սահմանախախտը։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, երէկ, Կիւմրիի սահմանապահ ջոկատի զինուորները նկատեցին անյայտ անձ մը, որ հատած էր սահմանը։ Սահմանախախտը ուշադիր զննած է շրջակայքը եւ փորձած աննկատ յառաջ շարժուիլ։ Որոշ ժամանակ անց սահմանախախտի ընթացած ուղիին վրայ սահմանապահները զինքը ձերբակալեցին։

Սկզբնական տեղեկութիւններով, ձերբակալեալը Թուրքիոյ Հանրապետութեան քաղաքացի մըն է։ Իր կողմէ սահմանի ապօրինի հատման նպատակը պիտի ճշդուի մասնագիտական մարմիններու կողմէ։ Ըստ համապատասխան օրէնսդրութեան՝ սահմանախախտը յանձնուած է Հայաստանի իրաւապահ մարմիններուն։

Երեքշաբթի, Հոկտեմբեր 16, 2018