ԵՐԵՒԱՆԻ ՆՈՐԸՆՏԻՐ ՔԱՂԱՔԱՊԵՏ ՀԱՅԿ ՄԱՐՈՒԹԵԱՆ ՊԱՇՏՕՆԻ ՁԵՌՆԱՐԿԵՑ ՀԱՆԴԻՍԱՒՈՐ ԱՐԱՐՈՂՈՒԹԵԱՄԲ

Երեւանի նորընտիր քաղաքապետ Հայկ Մարութեանի երդման արարողութիւնը շաբաթավերջին տեղի ունեցաւ հանդիսաւոր պայմաններու մէջ։ Քաղաքապետարանէ ներս կազմակերպուած արարողութեան ներկայ գտնուեցան Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան, վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան, Սահմանադրական ատեանի նախագահ Հրայր Թովմասեան, այլ բարձրաստիճան պաշտօնատարներ, ինչպէս նաեւ Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսն ու բարձրաստիճան հոգեւորականներ։ Հայկ Մարութեանի վիզէն հանդիսաւորապէս անցուեցաւ քաղաքապետի լանջաշղթան։ Աւելի վերջ նորընտիր քաղաքապետը հանդէս եկաւ ելոյթով մը։

Երեքշաբթի, Հոկտեմբեր 16, 2018