ԼԻՒՔՍԵՄՊՈՒՐԿԻ ՄԷՋ ԺՈՂՈՎ

Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Զօհրապ Մնացականեան երէկ Լիւքսեմպուրկի մէջ մասնակցեցաւ Եւրոմիութեան Արեւելեան գործընկերութեան մասնակից երկիրներու արտաքին գործոց նախարարներու հանդիպման։ Ժողովին ներկայ գտնուեցան նաեւ ԵՄ-ի արտաքին յարաբերութիւններու եւ անվտանգութեան քաղաքականութեան հարցերով գերագոյն յանձնակատար Ֆետերիքա Մոկերինի եւ Եւրոյանձնաժողովի ընդլայնման ու հարեւանութեան հարցերով յանձնակատար Եոհաննէս Հանն։

Լիւքսեմպուրկի մէջ ունեցած ելոյթին ընթացքին Զօհրապ Մնացականեան անդրադարձաւ նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրին։ Նախարարը հակամարտութեան կարգաւորման առընչութեամբ ընդգծեց, որ Արցախի կարգավիճակն ու անվտանգութիւնը Հայաստանի գլխաւոր առաջնահերթութիւններն են։ «Լեռնային Ղարաբաղ հակամարտութեան կողմ է՝ կարգաւորման գործընթացի մէջ իր որոշիչ ձայնով եւ պէտք է առաւել անմիջական ներգրաւուած ըլլայ։ Եւ մենք, ի հարկէ, այս մասին կը խօսինք», ըսաւ նախարար Զօհրապ Մնացականեան։

Նախարար Մնացականեան ելոյթին մէջ կարեւորեց նաեւ խաղաղութեան համար նպաստաւոր մթնոլորտի մը ձեւաւորումը եւ խթանումը։ Իր խօսքով՝ սա ունի բազմաթիւ բաղադրիչներ՝ վստահութեան ամրապնդման նախազգուշական միջոցներ, ներառեալ անոնց վերաբերեալ նախորդ համաձայնութիւններու իրականացումը եւ իրավիճակը սրելու ուղղեալ ռիսքերու նուազեցման միջոցները։

Երեքշաբթի, Հոկտեմբեր 16, 2018