ՀԻՄՆԱԴՐԱՄԻ ՀԱՄԱՐ ԾՐԱԳԻՐ

Սփիւռքահայ յայտնի երգիչ Արթօ Թունչպոյաճեան երէկ Երեւանի մէջ այցելեց «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի կեդրոնը։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, ան հիւրընկալուեցաւ հիմնադրամի նորանշանակ տնօրէն Հայկակ Արշամեանի կողմէ։ Զրոյցի ընթացքին Արթօ Թունչպոյաճեան առաջարկեց հիմնադրամի ի նպաստ զօրակցութեան համար ներգրաւել նաեւ սփիւռքի պատանիներն ու երիտասարդները։ Այսպէսով հիմնադրամը կրնայ դառնալ նորարար գաղափարներու առանցք մը, ընդլայնել իր ծրագիրները բնազբօսաշրջութեան (էքօթուրիզմ), բժշկութեան եւ մշակոյթի ոլորտներէն ներս։ Արթօ Թունչպոյաճեան յայտնեց, որ պատրաստ է սփիւռքի մէջ հիմնադրամի դեսպանը դառնալ։

Երեքշաբթի, Հոկտեմբեր 16, 2018