ՃՈՐՃ ՔԵՆԹԻ ԱՅՑԸ

Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան երէկ հիւրընկալեց Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց փոխ-նախարարի՝ Եւրոպայի եւ Եւրոասիոյ գծով տեղակալ Ճորճ Քենթը, որ շփումներ ունեցաւ Երեւանի մէջ։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, Նիկոլ Փաշինեան ողջունեց այս այցելութիւնը եւ սա լաւ հնարաւորութիւն մը համարեց երկկողմանի յարաբերութիւններու օրակարգը եւ համագործակցութեան զարգացման հնարաւորութիւնները քննարկելու տեսակէտէ։ Ամերիկացի բարձրաստիճան դիւանագէտն ալ ուրախութիւն յայտնեց այցելութեան բերումով՝ մանաւանդ Հայաստանի փոփոխութիւններու ժամանակաշրջանին։ Ան շեշտեց, որ ԱՄՆ կը կարեւորէ Հայաստանի հետ համագործակցութեան ապագայ ընդլայնումը։

Փաշինեան անդրադարձաւ ներքին քաղաքական գործընթացներուն եւ շեշտեց, որ երկիրը հաստատակամօրէն յառաջ կ՚ընթանայ ժողովրդավարութեան զարգացման ճանապարհով։ Սա Հայաստանի հասարակութեան համար արտաքին քաղաքական կողմնորոշում մը չէ, այլեւ ներքին համոզում եւ արժէք։ Վարչապետը խօսեցաւ նաեւ փտածութեան դէմ պայքարի ծիրէն ներս ձեռնարկուած հետեւողական աշխատանքներուն եւ զանազան ոլորտներէ ներս նախաձեռնուած բարեփոխումներուն շուրջ։

Ճորճ Քենթ նշեց, որ ԱՄՆ-ի կառավարութիւնը շահագրգռուած է՝ որպէսզի Հայաստան յաջողութիւններ արձանագրէ ժողովրդավարութեան զարգացման, տնտեսական յառաջընթացի, ինչպէս նաեւ երկրի համար առաջնահերթ միւս ուղղութիւններով։ Ամերիկեան կողմը պատրաստ է օժանդակել Հայաստանի կառավարութեան բարեփոխումներու իրականացման գործընթացին մէջ։

Հանդիպման տեւողութեան կարծիքներ փոխանակուեցան Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորման, միջազգային ներկայ իրավիճակի, տարածքաշրջանային մարտահրաւէրներու եւ այլ շարք մը հարցերու շուրջ։

Երեքշաբթի, Հոկտեմբեր 16, 2018