ՈՒՂՂԱՓԱՌՆԵՐՈՒ ՊԱՌԱԿՏՈՒՄ

Ուղղափառ աշխարհէ ներս ներկայիս լուրջ լարուածութիւն մը ծագած է՝ Ուքրայնայի եկեղեցւոյ անկախացման հարցին բերումով։ Ֆէնէրի Տիեզերական պատրիարքութիւնը վերջերս հաւանութիւն տուած էր Ուքրայնայի եկեղեցւոյ Ռուս Ուղղափառ եկեղեցիէ անկախացման։ Այդ հաւանութիւնը Մոսկուայի պատրիարքութեան բուռն հակազդեցութեան պատճառ դարձաւ։ Ներկայիս լուրջ պառակտում մը խնդրոյ առարկայ է Ուղղափառ աշխարհէն ներս, որովհետեւ Ռուս Ուղղափառ եկեղեցին որոշեց խզել իր կապերը Ֆէնէրի պատրիարքարանին հետ։

«Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, Ռուս Ուղղափառ եկեղեցւոյ սինոդը ժողով մը գումարեց Քիրիլ Պատրիարքի նախագահութեամբ։

Մոսկուայի պատրիարքարանի եկեղեցական ներքին կապերու բաժնի ղեկավար մետրապոլիտ Իլարիոն Վոլոքոմասքի այս կապակցութեամբ ըսաւ. «Սա պարտադրուած որոշում մըն էր, բայց մեր սրբազան սինոդը ուրիշ ձեւով չէր կրնար վարուիլ, որովհետեւ Պոլսոյ պատրիարքարանի վերջին գործողութիւններու ամբողջ տրամաբանութիւնը մեզ կը տանէր այս քայլին։ Մենք յոյս ունինք, թէ ողջմտութիւնը կը յաղթէ։ Բայց քանի տակաւին այդ փոփոխութիւնը տեղի չէ ունեցած, քանի տակաւին Պոլսոյ կողմէ ընդունուած այդ ապօրինի որոշումները ի զօրու կը մնան, մենք չենք կրնար շփման մէջ ըլլալ այդ եկեղեցւոյ հետ, որ այսօր կը գտնուի պառակտման մէջ»։

Իլարիոն մետրապոլիտը միեւնոյն ժամանակ յոյս յայտնեց, որ Ֆէնէրի պատրիարքարանը կը փոխէ իր վերաբերմունքը Ուքրայնայի եկեղեցւոյ ինքնավարութիւն տալու հարցին շուրջ։

Յարաբերութիւններու սրման պատճառով Ռուս Ուղղափառ եկեղեցւոյ ծխականները այլեւս պիտի չկարողանան հաղորդութիւն ստանալ Ֆէնէրի պատրիարքարանի ենթակայ եկեղեցիներուն մէջ։ Բաց աստի, եպիսկոպոսներն ու քահանաները պիտի չկարողանան Ֆէնէրի ներկայացուցիչներուն հետ  մասնակցիլ Ս. Պատարագի։

Հարկ է նշել, որ Ռուս Ուղղափառ եկեղեցւոյ սինոդի նիստը տեղի ունեցաւ Մինսքի մէջ։ Սա եւս աննախընթաց երեւոյթ մըն է։

Իլարիոն մետրապոլիտը բացատրեց, որ Մոսկուայի եւ Պոլսոյ պատրիարքութիւններուն միջեւ լուրջ հակասութիւններ յառաջացած են վերջին զարգացումներուն բերումով։ Արդարեւ, Ֆէնէրի սինոդը, ընդառաջելով Քիեւի խնդրանքին, չեղեալ համարած է 1686 թուականի որոշումը, որով Քիեւի թեմը յանձնուած էր Մոսկուայի պատրիարքութեան։ Յաջորդ քայլով մը Տիեզերական պատրիարքութիւնը կրնայ նաեւ անկախութիւն տալ Ուքրայնայի Ուղղափառ եկեղեցւոյ, ինչ որ կոշտ քննադատութեան տեղի կու տայ Ռուսաստանի հոգեւոր եւ քաղաքական շրջանակներէն ներս։

Մոսկուայի պատրիարքութեան սինոդի ժողովէն առաջ, այս խնդիրը օրակարգի վրայ եկաւ նաեւ Ռուսաստանի Անվտանգութեան խորհուրդի ժողովին ընթացքին։ Արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով այս առթիւ յայտնեց, որ Ուքրայնայի եկեղեցւոյ անկախութիւն տալու նախաձեռնութիւնը սադրանք մըն է եւ այդ մէկը կը հովանաւորուի Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու կողմէ։

Ֆէնէրի պատրիարքարանէն երկու ներկայացուցիչներ Քիեւ մեկնած են՝ Ուքրայնայի եկեղեցւոյ անկախութեան կարգավիճակը պատրաստելու նպատակով։

Հարկ է նշել, որ այս իրադարձութիւնները լայն արձագանգ կը ստեղծեն նաեւ թրքական զանգուածային լրատուութեան միջոցներուն մօտ։

Երեքշաբթի, Հոկտեմբեր 16, 2018