ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԵՒ ՎՐԱՍՏԱՆԻ ՅԱՐԱԲԵՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ ԱՒԵԼԻ ԼԱՒ ԸՆԹԱՑՔ ՄԸ ՊԻՏԻ ՈՒՆԵՆԱՆ

Երեւանի ղեկավարութիւնը երէկ հիւրընկալեց Վրաստանի վարչապետ Կէորկի Կախարիան, որու կողմէ գլխաւորուած պատուիրակութիւնը պաշտօնական այցելութիւն մը տուաւ Հայաստան։ Հիւր վարչապետը Երեւանի մէջ դիմաւորուեցաւ զինուորական արարողութիւնով՝ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի կողմէ։ Դիմաւորման արարողութենէն վերջ երկու վարչապետները ունեցան առանձնազրոյց մը, որու աւարտին գլխաւորեցին ընդլայնուած կազմով բանակցութիւնները։ Անոնք սարքեցին նաեւ համատեղ մամլոյ ասուլիս մը։ Վրաստանի վարչապետը յարգանքի այցելութիւն մը տուաւ Ծիծեռնակաբերդի յուշահամալիրը։ Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեանն ալ ընդունեց Կէորկի Կախարիան, որու ի պատիւ պաշտօնական ընթրիք մըն ալ սարքուեցաւ Նիկոլ Փաշինեանի կողմէ։

Երեւանի բանակցութիւններուն ժամանակ վարչապետները վստահութիւն յայտնեցին, թէ Հայաստանի եւ Վրաստանի յարաբերութիւնները աւելի լաւ ընթացք մը պիտի ունենան։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, Կէորկի Կախարիա մատնանշեց Հայաստանի հետ տնտեսական յարաբերութիւններու գծով զգալի յառաջընթացը։ Իր կարգին, Նիկոլ Փաշինեանն ալ շեշտեց, որ Վրաստանի հետ յարաբերութիւնները առանձնայատուկ կարեւորութիւն կը ներկայացնեն Հայաստանի համար։

Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Զօհրապ Մնացականեանն ալ երէկ Երեւանի մէջ տեսակցեցաւ իր վրացի պաշտօնակցին՝ Տաւիտ Զալքալիանիի հետ, որ մաս կը կազմէր Կախարիայի կողմէ գլխաւորուած պատուիրակութեան։

Միւս կողմէ, Կէորկի Կախարիա երէկ այցելեց նաեւ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածին, ուր հիւրընկալուեցաւ Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսին կողմէ։ Ներկայ էր նաեւ Զօհրապ Մնացականեան։ Զրոյցի ընթացքին Վեհափառ Հայրապետը անդրադարձաւ հայ եւ վրացի ժողովուրդներու պատմական առընչութիւններուն, որոնք հարուստ են փոխադարձ օգնութեան, զօրակցութեան եւ միասնական պայքարի բազում վկայութիւններով։ Նորին Սրբութիւնը հաստատեց, որ այս բոլորը կը հանդիսանան այն ամուր հիմքերը, որոնց վրայ պէտք է կառուցուի եւ հաստատուի երկու երկիրներու գործակցութիւնը։

Չորեքշաբթի, Հոկտեմբեր 16, 2019