ՆԻԿՈԼ ՓԱՇԻՆԵԱՆ ԵՒ ԲԱԿՕ ՍԱՀԱԿԵԱՆ ՏԵՍԱԿՑԵՑԱՆ ԵՐԵՒԱՆԻ ՄԷՋ

Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան երէկ Երեւանի մէջ հանդիպում մը ունեցաւ Լեռնային Ղարաբաղի նախագահ Բակօ Սահակեանի հետ։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, ողջունելով Արցախի ղեկավարը՝ Նիկոլ Փաշինեան կարեւոր համարեց պարբերական հանդիպումներն ու շփումները անոր հետ։ Փաշինեան յայտնեց, որ վերջին շրջանին Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրին շուրջ տեղի ունեցած են շարք մը հանդիպումներ եւ քննարկումներ, որոնց արդիւնքներն ու անոնց վերաբերեալ տպաւորութիւնները պիտի բաժնէր Սահակեանի հետ։

Իր կարգին, Բակօ Սահակեանն ալ յայտնեց, որ ինքն ալ վերջին շրջանի շարք մը հանդիպումներու եւ կարեւոր իրադարձութիւններու վերաբերեալ տպաւորութիւնները պիտի տեղեկացնէր Նիկոլ Փաշինեանին։ Ըստ իրեն, նման հանդիպումներու ժամանակ ի մի կը բերուին նախորդ ժամանակաշրջանի աշխատանքները ու կը նախա-նըշւին յաջորդ առաջադրանքները։

Նիկոլ Փաշինեան եւ Բակօ Սահակեան հանդիպման ընթացքին քըն-նարկեցին նաեւ Հայաստանի եւ Արցախի կապերու զարգացման եւ ամրապնդման վերաբերեալ քայլեր։

Հարկ է նշել, որ Բակօ Սահակեան վերջին օրերուն հիւրընկալեց Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներէն խումբ մը քոնկրէսականներ, ինչպէս նաեւ Ֆրանսա-Արցախ բարեկամութեան շրջանակէն ներկայացուցիչներ, որոնք այցելեցին Ստեփանակերտ։

Չորեքշաբթի, Հոկտեմբեր 16, 2019