ՏԵՆՏԻԱՍ ԵՐԵՒԱՆԻ ՄԷՋ

Յունաստանի Արտաքին գործոց նախարար Նիքոս Տենտիաս այսօր աշխատանքային այցելութիւն մը կու տայ Երեւան։ Արցախի լայնածաւալ պատերազմով պայմանաւորուած մթնոլորտին մէջ տեղի կ՚ունենայ այս այցելութիւնը։ Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Զօհրապ Մնացականեան կը հիւրընկալէ իր պաշտօնակիցը, որու հետ կը սարքէ նաեւ համատեղ մամլոյ ասուլիս մը։

Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, Տենտիաս Երեւանի մէջ կ՚ընդունուի նաեւ Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեանի եւ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի կողմէ։

Ուրբաթ, Հոկտեմբեր 16, 2020