ԱՄՈՒՐ ԴԻՐՔՈՐՈՇՈՒՄ…
Մեծն քսանեակի խմբակին (G-20) Անթալիոյ գագաթաժողովը այս օրերուն ոչ միայն Թուրքիոյ, այլ ամբողջ աշխարհի օրակարգին վրայ կը ներկայացնէ առաջնահերթութիւն։ Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողանի տանտիրութեամբ կազմակերպուած այս գագաթաժողովը համախմբեց աշխարհի գրեթէ բոլոր յառաջատար երկիրներուն ղեկավարներն ու միջազգային կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչները։ Փարիզի ահաբեկչութեան հետեւանքով միայն ակամայ բացակայեցաւ Ֆրանսայի Նախագահ Ֆրանսուա Օլանտ, որու փոխարէն Արտաքին գործոց նախարար Լորան Ֆապիուս մասնակցեցաւ G-20-ի գագաթին։ Անթալիոյ այս հաւաքը, միեւնոյն ժամանակ, ուրոյն հարթակի մը վերածուեցաւ՝ Փարիզի ահաբեկչութեան դէմ միջազգային ընտանիքին բողոքն ու վճռակամութիւնը բանաձեւելու համար։ Երբ համայն աշխարհի օրակարգը յեղաշրջած է պատահած ահաբեկչութիւնը, միջազգային ընտանիքին յառաջատար ներկայացուցիչները արտայայտեցին իրենց ամուր դիրքորոշումը ահաբեկչութեան դէմ՝ երբ հակուած են հասարակաց ճակատ մը ձեւաւորելու մանաւանդ «Իրաք-Շամի իսլամական պետութիւն» խմբաւորման դէմ հարուածներ յարուցելու նպատակով։
Ընդհանուր ժողովներուն եւ օրակարգային քննարկումներուն առընթեր մասնակից ղեկավարները Անթալիոյ մէջ ունեցան նաեւ երկկողմանի հանդիպումներ։ Էրտողանն ալ այս շրջագծով տեսակցեցաւ հոծ թիւով պաշտօնակիցներուն հետ։ Բոլոր քննարկումներուն ընթացքին օրակարգի վրայ եկաւ ահաբեկչութեան դէմ պայքարը։ Գագաթաժողովի ելոյթին ընթացքին ալ Էրտողան շեշտեց, թէ ահաբեկչութիւնը կարելի է կանխել աշխարհի ունեւորներու զոհողութիւնով։
ՓԱՐԻԶԻ ՑՆՑՈՒՄԷՆ ՎԵՐՋ ԾԱՒԱԼՈՒՆ ՀԱՐՑԱՔՆՆՈՒԹԻՒՆ
Փարիզի մէջ Ուրբաթ երեկոյեան ապրուած ահաւոր ահաբեկչութենէն վերջ Ֆրանսայի մէջ կը տիրէ ազգային սուգի մթնոլորտ։ Մինչ արտակարգ դրութիւնը կը շարունակուի ամբողջ երկրէն ներս, Փարիզի փողոցները լեցուն են բողոքի, դիմադրութեան ու ոգեկոչման դրսեւորումներով։ Այս առումով շատ խորհրդանշական էր երէկ երեկոյեան ժամերուն Նոթրը Տամ Մայր Տաճարին մէջ տեղի ունեցած սուգի արարողութիւնը, որուն նախագահեց Փարիզի վիճակաւորը՝ Կարտինալ Վենթրուա։
Բնականաբար, ամբողջ Ֆրանսայի եւ միջազգային ընտանիքի ուշադրութիւնը կեդրոնացած է Էլիզէի պալատին վրայ։ Ֆրանսայի Հանրապետութեան նախագահ Ֆրանսուա Օլանտ շատ բարդ իրավիճակի մը մէջ հսկողութեան տակ կը պահէ կացութիւնը։ Ան շաբաթավերջին իրականացուց շարք մը քաղաքական խորհրդակցութիւններ՝ խորհրդարանէ ներս ներկայացուած կամ խորհրդարանէ դուրս մնացած կուսակցութիւններու բարձրաստիճան ներկայացուցիչներուն հետ։ Այս շրջագծով Էլիզէի պալատը փութացին նաեւ երկրի նախկին նախագահը՝ Նիքոլա Սարքոզի եւ «Ազգային ճակատ» ծայրայեղ աջակողմեան կուսակցութեան ղեկավար Մարին Լը Փէն։ Օլանտ կը փորձէ այս բոլոր խորհրդակցութիւններու լոյսին տակ մօտաւոր ապագայի ռազմավարութիւնը յստակացնել բազմաթիւ ուղղութիւններով։ Այսօր ալ ֆրանսացի ղեկավարը ելոյթով մը հանդէս կու գայ Վերսայի մէջ, Ֆրանսայի խորհրդարանի լիագումար նիստին ընթացքին։ Հարկ է նշել, որ այդ երկրի նախընթացներով խորհրդարանը կը բաղկանայ Ծերակոյտի եւ Ազգային ժողովի համատեղ կազմէն եւ ժողովները կը գումարէ Վերսայի պալատի համալիրէն ներս։
Ֆրանսական պատկան իշխանութիւնները դէպքին վերաբերեալ յառաջ կը տանին նաեւ լայնածաւալ հարցաքննութիւն մը։ Պաշտօնական աղբիւրները սպաննուած կամ մահացած ահաբեկիչներու վերաբերեալ տեղեկութիւններ կը հրապարակեն, մինչ այդ արդէն ահազանգային թափով կ՚որոնեն Ապտիւլսելամ Սալահը, որ Ֆրանսայի Հանրապետութեան 26-ամեայ քաղաքացի մըն է։ Հարցաքննութեան շրջագծով ստուգուած է, որ ան Պրիւքսէլէն ղեկավարած է այս ահաբեկչական սարսափելի յարձակումը։ Սոյն տուեալի յայտնի դառնալուն զուգահեռ Ֆրանսայի եւ Պելժիոյ իրաւապահ մարմինները շարժման անցան անմիջապէս։ Ֆրանսայէն պատուիրակութիւն մը շաբաթավերջին մեկնեցաւ Պրիւքսէլ, իսկ Ֆրանսայի Ներքին գործոց նախարար Պեռնար Քազնէօվ Փարիզի մէջ հիւրընկալեց իր պելժիացի պաշտօնակիցը։ Տուեալներ կան, որ դէպքի պատահած գիշերուան յաջորդ առաւօտը ան Ֆրանսայի սահմաններէն դուրս գալով անցած է Պելժիա։ Դատախազութեան եւ Ներքին գործոց նախարարութեան կողմէ պարբերաբար Ֆրանսայի մէջ հանրային կարծիքը կը լուսաբանուի հարցաքննութեան ընթացքին շուրջ։ Մինչ այդ, Ֆրանսայի օրէնսդրութեամբ հանրապետութեան նախագահը իրաւասութիւն ունի երկրէն ներս արտակարգ դրութիւն հաստատելու տասներկու օրուան ժամկէտով։ Հիմա Ֆրանսայի մէջ օրակարգի վրայ եկած է այդ ժամկէտը երեք ամսուան բարձրացնելու վարկածը։ Քաղաքական խորհրդակցութիւններու լոյսին տակ, կը նախատեսուի՝ որ կառավարութիւնը վաղը համապատասխան աշխատանքները պիտի քննարկէ իր հերթական ժողովին ընթացքին։
Միւս կողմէ, Ֆրանսայի ռազմաօդային զօրքերը երէկ գիշերուան դրութեամբ սկսան ահաւոր հարուածներ հասցնել «Իրաք-Շամի իսլամական պետութիւն» (ԻՇԻՊ) ահաբեկչական խմբաւորման դէմ, որ ստանձնեց Փարիզի յարձակումներուն պատասխանատուութիւնը։ Ֆրանսական տասներկու ռազմաօդանաւեր երէկ երեկոյեան Յորդանանէն եւ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններէն թռիչք առնելով սաստիկ ձեւով ռմբակոծեցին Ռաքքա քաղաքը։ Այս վերջինը ԻՇԻՊ-ի գործնական մայրաքաղաքը կը համարուի Սուրիայէ ներս։ Ֆրանսական ռազմաօդանաւերը այս գործողութիւններուն ընթացքին ռմբակոծեցին քսան թիրախներ, ներառեալ՝ ԻՇԻՊ-ի հրամանատարական կեդրոնը, մարզումներու խարիսխը եւ զինանոցը։