ԱՆԿԵՂԾ ԶՕՐԱԿՑՈՒԹԻՒՆ
Փարիզի մէջ տեղի ունեցած ահաբեկչութիւնը շատ լայն արձագանգ ստեղծած է ամբողջ հայաշխարհէն ներս։ Թէ՛ Հայաստան-Ֆրանսա յարաբերութիւններուն առանձնայատուկ բնոյթը եւ թէ Ֆրանսայի մէջ հայկական մեծ Սփիւռքի մը գոյութիւնը պատճառ դարձած են, որպէսզի ամբողջ հայաշխարհէն ներս զգալի դառնայ այս դէպքին պատճառած ցնցումը։ Երեւանի մէջ ստեղծուած մթնոլորտը ամբողջութեամբ համահունչ է հայ-ֆրանսական ամուր, պատմական բարեկամութեան։ Անկեղծ զօրակցութեան մը մթնոլորտը Ուրբաթ գիշեր դէպքի պատահած ժամերէն սկսեալ զգալի էր ամէնուրեք։ Երեւանի մէջ Ֆրանսայի հրապարակն ու դեսպանատունը վերջին օրերուն հանդիսավայրը դարձան հազարաւորներու, որոնք փութացած էին պախարակելու ահաբեկչութիւնը եւ արտայայտելու իրենց աջակցութիւնը ի նպաստ Ֆրանսայի ժողովուրդին։ Ժողովուրդը Ֆրանսայի դեսպանատան մօտ թողուց ծաղիկներ ու վառուած մոմեր։ Աւելի մեծ համախմբում մը ապրուեցաւ Ֆրանսայի հրապարակին վրայ, ուր կը գտնուի մեծ նկարիչ Օկիւսթ Ռոտէնի արձանը։ Աշխարհահռչակ մեծանուն արուեստագէտին արձանը կարծես յուշակոթողի մը վերածուած ըլլար՝ Ֆրանսայի խորհրդանշած արժէքներուն առումով։ Ռոտէնի արձանին շուրջ համախմբուեցաւ հոծ բազմութիւն մը։ Հրապարակին վրայ ժողովուրդը թողուց թարմ ծաղիկներ ու վառուեցան մոմեր։ Ժողովուրդը Հայաստանի եւ Ֆրանսայի եռագոյններով կը փութար հրապարակ, ուր վառ համայնապատկեր մը տեսանելի էր՝ անխախտ բարեկամութեան եւ ժողովուրդներու համակեցութեան առումով։
Այս խորհրդաւոր մթնոլորտին մէջ Ֆրանսայի հրապարակ այցելեց նաեւ Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեան, որ մասնակցեցաւ մոմավառութեան եւ ծաղիկներ թողուց Փարիզի աննախընթաց ահաբեկչութեան զոհերու յիշատակին։ Յարգանքի այցելութեան ընթացքին Սերժ Սարգսեանի հետ էին Արտաքին գործոց նախարար Եդուարդ Նալպանտեան, Նախագահի աշխատակազմի ղեկավար Վիգէն Սարգսեան, ինչպէս նաեւ Երեւանի մօտ Ֆրանսայի դեսպան Ժան-Ֆրանսուա Շարփանթիէ։
Միւս կողմէ, այս առաւօտ Հայաստանի Ազգային ժողովի երդիքին տակ ալ յարգանքի լռութիւն պահուեցաւ Փարիզի ահաբեկչութեան զոհերուն համար։ Երեսոփախանները եւ թէ ժողովին մասնակից կառավարութեան անդամները միասնաբար իրենց խոնարհումը բերին անմեղ զոհերու յիշատակին առջեւ։